2017-10-19 08:32:00

Կարդինալ Փարոլինը աջակից «Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն» հաստատութեան ծրագրին։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, «Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն» բարեսիրական հաստատութեան ուղղած մէկ նամակին մէջ կը վերանորոգէ իր աջակցութիւնը  Իրաքի Նինուէ քաղաքի վերակառուցման ու այդպէս կոչուած Իսլամ Պետութեան կողմէ վտարուած Քրիստոնեաներու տուն վերադարձին։

«Գովասանքի արժանի եւ անհրաժեշտ ձեռնարկ մը՝ որուն թիկունք կը կանգնիմ եւ որուն համար կոչ կ՛ուղղեմ, ոչ միայն քրիստոնեաներուն այլեւ բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց որպէսզի » այսպէս գրած է Վատիկանի Պետական Քարտուղարը նամակին մէջ ուր ապա նշած է թէ «Սրբազան Քահանայապետը եւս,  որ մօտէն կը հետեւի իր սրտին մօտիկ Միջին Արեւելքի կացութեան, արտայայտած է իր գնահատանքը ու քաջալերանքը այդ դժուար ու ազնուական յանձնառումին համար»։

Կարդինալ Փարոլին ապա վերանորոգած է Սուրբ Աթոռի յանձնառումը ի նպաստ բոլոր անոնց որոնք  թիրախ են պատերազմի, այն համոզումով թէ միայն հաւաքական ու բաժնեկցուած յանձնառում մը կարող է մեր Իրաքի եղբայրներուն եւ քոյրերուն շնորհել  հնարաւորութիւնը՝ փնտռելու ու փորձարկելու խաղաղութիւնը, որուն  կը ձգտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.