2017-10-19 09:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականի նոր հրատարակութեան ներածականը։


(Ռատիօ Վատիկան) Նոր Աւետարանումի Զարգացումի Քահանայապետական Խորհուրդը աստուածաբանական-հովուական մեկնաբանութեամբ կատարած է Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականի նոր հրատարակութիւնը մը որուն ներածականը կը կրէ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ստորագրութիւնը ուր Ան գրած է. «Քրիստոնէականը ճանապարհ մըն է, որ չորս փուլերով թոյլ կու տայ ընկալել հաւատքի ուժականութիւնը։ Ան կը սկսի իւրաքանչիւր մարդու տենչով՝ որ կը ցանկայ Աստուծոյ, եւ կը փակուի աղօթքով՝ իբր արտայայտութիւն հանդիպումի մը՝ ուր մարդ եւ Աստուած իրարու կը հային, իրարու հետ կը խօսին եւ իրարու կ՛ունկնդրեն։ Յաջորդ փուլերն են շնորհքի կեանքը՝ արտայայտուած յատկապէս եօթ խորհուրդներուն մէջ, եւ հաւատացեալի կեանքին ոճը, իբր կոչում՝ ապրելու Սուրբ Հոգիին համաձայն։ Ասոնք հարկաւոր են լիութեամբ հասկնալու համար հաւատացող ինքնութիւնը իբր աշակերտ Յիսուս Քրիստոսի»։

Fidei Depositum (Հաւատքի Աւանդը) Առաքելական Սահմանադրութեան 25-ամեայ ժամկէտի լրումին, որով Քրիստոնէականը՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի ստորագրութեամբ, յանձնուած էր հաւատացեալներուն 1992ի հոկտեմբեր 11ին, Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովի բացման 30-ամեակին առիթով, ահա կը հրատարակուի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականը մեկնաբանութեամբ միասին, որ պիտի ըլլայ մեծ օգնութիւն միշտ աւելի խորանալու հաւատքի խորհուրդի հասկացողութեան մէջ։

Այսպէսով Քրիստոնէականը կը վերածուի յաւելեալ միջնորդի մը, աշխարհի բոլոր կողմերը յառաջացնելու տեղական Եկեղեցիները եւ աջակցելու անոնց՝ աւետարանումի պարտականութեան մէջ, իբր կազմաւորումի արդիւնաւէտ գործիք, յատկապէս քահանաներու եւ քրիստոնէականի ուսուցիչներու համար։ Կը մաղթեմ, որ ան ճանչցուի եւ գործածուի լաւագոյնս արժեւորելու համար մեր պատմութեան երկու հազար տարուան հաւատքի մեծ ժառանգը։








All the contents on this site are copyrighted ©.