2017-10-19 11:57:00

«Աստուծոյ փրկութեան ձրիութիւնը» Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 19 հոկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ պատարագի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մեկնաբանելով օրուան աւետարանական ընթերցումը, քաղաուած Ղուկաս աւետարանիչէն, խօսքը կեդրոնացուց Աստուծոյ փրկութեան պարգեւին վրայ որ՝ ըսաւ Սրբազան Պապը, ձրիաբար տրուած է մեզի։

Նորին Սրբութիւնը քննադատեց  այդ ժամանակուայ օրէնքի վարդապետներու կեցուածքը, որոնք ըսաւ Ան, մոռցան «ձրի» այդ պարգեւը, մոռցան Աստուծոյ մօտիկութիւնն ու Անոր ողորմութիւնը,  հիմնուելով միայն օրէնքին վրայ ու այդպէս ընելով հրաժարեցան Աստուծոյ արդարութեան ընկալումէն, որովհետեւ, ըսաւ Սրբազան Պապը, օրէնքը Աստուծոյ ձրի սիրոյն պատասխանն է, որ ձեռնարկեց մեր փրկութիւնը ու երբ կը մոռցուի փրկութեան ձրիութեան իմաստը՝ կը կորսուի նաեւ փրկութեան պատմութեան իմաստութեան բանալին, կը մոռցուի Աստուծոյ մօտիկութիւնը։

Անոնց համար,յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ, Աստուած այն անձն է որ օրէնքը հաստատեց, սակայն այդ Աստուածը յայտնութեան Աստուածը չէ, որովհետեւ յայտնութեան Աստուածը այն Աստուածն է որ մեր հետ սկսաւ քալել՝ Աբրահամէն մինչեւ Յիսուս Քրիստոս, որովհետեւ Տէրը կը քալէ իր ժողովուրդին հետ, ու երբ կը պակսի Աստուծոյ մօտիկութիւնը, կը նշանակէ թէ կը պակսի աղօթքը։ Տիրոջ մօտիկութեան գագաթնակէտը կը գտնուի խաչեալ Քրիստոսի մէջ, ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը ու քարոզի աւարտին ակնարկեց այսօրուայ եկեղեցւոյ Հովիւներու պատասխանատուութեան,  հաստատելով թէ «փարիսեցիներն ու օրէնքի վարդապետները միայն այդ ժամանակուայ իրականութիւն մը չեն, ու թէ այսօր եւս կան  հովիւներ որոնք կը գործեն անոնց նման, դռները փակելով հաւատացեալներու առջեւ ու հիմնուելով միայն օրէնքի վրայ», ապա հրաւիրեց աղօթել հովիւներուն համար. «Աղօթել որպէսզի անոնք չի կորսնցնեն իմաստութեան բանալին ու դռները չի փակեն անոնց առջեւ որոնք կը փափաքին ներս մտնել»։








All the contents on this site are copyrighted ©.