2017-10-18 10:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւն ու կսկիծը Մոկատիշոյի ահաբեկչական արարքի զոհերուն համար։


(Ռատիօ Վատիկան) 18 հոկտեմբեր 2017-ին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ շնորհած հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յատուկ կոչ ուղղեց  ի տես անցեալ օրերուն Սոմալիայի մայրաքաղաք՝ Մոկատիշոյի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքին, որուն պատճառաւ մահացան 300 անհատներ, որոնց շարքին նաեւ մանուկներ։

«Այս ահաբեկչական արարքը, ըսաւ Սրբազան Պապը, արժանի է վճռակամ դատապարտումի, նաեւ այն պատճառաւ որ կիրարկուած է արդեն  թշուառութեան մէջ ապրող բնակչութեան վրայ։ Կ՛աղօթեմ բոլոր մեռեալներուն ու վիրաւորներուն համար ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն համար ինչպէս նաեւ Սոմալիայի համայն ժողովուրդին համար, ու թախանձագին կը խնդրեմ բռնարարներուն դարձը, քաջալերելով անոնք որոնք  դիմագրաւելով մեծ դժուարութիւններ կը  գործեն ի սպաս խաղաղութեան՝ այդ նահատակ երկրին մէջ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.