2017-10-18 11:04:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց խաղաղութեան ի սպաս կրօններուն համաշխարհային համաժողովի անդամները։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 18 հոկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 09,00-ին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան փոքրիկ  դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց եւ բարի գալուստի խօսք ուղղեց «Խաղաղութեան ի նպաստ կրօններուն համաշխարհային համաժողովի՝  80 անդամներէ բաղկացած պատուիրակութեան։ 

Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը  ըսաւ. «  խաղաղութիւնը շտապ պարտականութիւն է նաեւ այսօրուան աշխարհին մէջ , ուր բազմաթիւ  ժողովուրդները յօշոտուած են բռնութիւններէն եւ հակամարտութիւններէն» ընդգծելով որ « խաղաղութիւնը միեւնոյն ժամանակ՝ Աստուածային պարգեւ մըն է ինչպէս նաեւ մարդկային յաղթանակ եւ ասոր համար իւրաքանչիւր կրօնքի հաւատացեալ կանչուած է  զայն հայցելու եւ անոր  համար աղօթելու։

Նորին Սրբութիւն ապա նշեց, թէ   բոլոր բարի կամք ունեցող մարդիկ,  յատկապէս անոնք որոնք պատասխանատուութեան պաշտօնները ունին,  կանչուած են խաղաղութեան համար գործելու՝ ամբողջ սրտով, մտքով եւ բազուկներով,   որովհետեւ խաղաղութիւնը կը կերտուի արհեստական կերպով, հաստատելով թէ  « սոյն  աշխատանքին մէջ, խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը միասին կը կառուցուին»։    

Սրբազան Հայրը ապա խօսքը  կեդրոնացուց  խաղաղութեան կերտման  գործընթացէն ներս կրօններու դերակատարութեան վրայ յարելով , « կրօնները իրենց հոգեւոր, բարոյական հարստութիւններով, ունին յատուկ եւ անփոխարինելի դերակատարութիւն» ընդգծելով  որ «կրօնները չեն կրնար չէզոք կեցուածք որդեգրել, կամ խաղաղութեան նկատմամբ երկիմաստ հայեացք ունենալ»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա  դատապարտեց յանուն կրօնի գործադրուած բռնութիւնները. «Ով  որ յանուն կրօնի բռնութիւն կամ անարդարութիւն կը գործէ, ծանրապէս Աստուած կը վիրաւորէ, Ատուած,  որ խաղաղութիւն  է ինչպէս նաեւ խաղաղութեան ակնաղբիւրը, ըսաւ Ան ապա իր գնահատանքն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց  Խաղաղութեան ի սպաս կրօններու ընկերակցութեան  անդամներուն, անոնց մատուցած թանկարժէք ծառայութեան համար ըլլայ խաղաղութեան ըլլայ կրօններուն ի սպաս։  

Սրբազան հայրը եզրափակեց իր խօսքը դիտել տալով  որ կարիքը կայ կրօններու միջեւ հասարակաց  համագործակցութեան՝  նաեւ կենսոլորտի  համապարփակ զարգացման համար։ Կրօնները ունին հարստութիւններ, միասնաբար զարգացնելու համար բարոյական դաշինք մը , որ կը  խթանէ մարդկային անձի  արժանապատուութեան յարգանքն   ու ստեղծագործութեան խնամքը ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու ճառը աւարտեց գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ, աշխարհի զանազան  վայրերուն մէջ,  միջ-կրօնային համագործակցութեան    բարի տիպարներ ունենալու հանար ՝՝ որոնք, ըսաւ Ան, կը հակազդեն  բռնանար հակամարտութիւններուն, կը խթանեն կայուն զարգացում, ինչպէս նաեւ  կը պաշտպանեն երկրագունդը, ապա քաջալերեց ընթանալ սոյն ուղիին  վրայէն  վստահելով Ամենակալին ու դիմելով բարի կամք ունեցող մարդոց  օգնութեան։    

Ֆրանչիսկոս Պապ օրհնեց ներկաները ու անոնց խաղաղութեան ի սպաս բեղուն յանձնառումը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.