2017-10-18 09:44:00

Սուրբ Ղազար կղզիին մԷջ Մխիթարեան Միաբանութեան հաստատման 300-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներ


Հոկտեմբեր 23-25 Երեւանի մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կը կայանան Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ Մխիթարեան միաբանութեան հաստատման  300-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը,, հոկտեմբեր 23-ին, ժամը` 14:00-ին, Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Մխիթարեաններու 300-ամեայ պատմութիւն» խորագիրով ցուցահանդէս` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու հիմնարկ-մատենադարանի եւ Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան նախաձեռնութեամբ:

Բացման խօսքով հանդէս կու գայ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս կու գան Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ, Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ Գերապայծառ Տէր Լեւոն արք. Զէքիյեան եւ Մատենադարանի տնօրէնի պաշտօնակատար Վահան Տէր-Ղեւոնդեան:

Ձեռնարկին ընթացքին տեղի կ’ունենայ «Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադրման 300-ամեակին» նուիրուած նամականիշի մարման արարողութիւն:

Ցուցահանդէսը կ’եզրափակուի համերգային ծրագիրով:

Հոկտեմբեր 24-25-ին ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի մէջ տեղի կ’ունենայ Մխիթարեան միաբանութեան Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիին մէջ հաստատուելու 300-ամեակին նուիրուած «Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութիւն-300» խորագիրով միջազգային գիտաժողով` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, ՀՀ ԳԱԱ Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի, ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի նախաձեռնութեամբ եւ Երեւանի պետական համալսարանի աջակցութեամբ:

Գիտաժողովին բացման խօսքով հանդէս կու գայ ՀՀ ԳԱԱ նախագահ ակադեմիկոս Ռադիկ Մարտիրոսեան:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս կու գան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ, Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ Գերապայծառ Տէր Լեւոն արք. Զէքիյեան, ՀՀ ԳԱԱ հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեան, ԵՊՀ տնօրէն Արամ Սիմոնեան, ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան:

Երկօրեայ գիտաժողովին Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան գործունէութիւնը կը ներկայացուի պատմութեան, բանասիրութեան, մշակոյթի եւ արուեստի դիտանկիւնէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.