2017-10-18 14:07:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցական հեռագիրը՝ Ֆիլիփինցի Կարդինալ՝ Վիտալի մահուան ի լուր։


(Ռատիօ Վատիկան) Ի լուր Կարդինալ Ռիքարտօ Վիտալի մահուան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  հեռագիրի մը միջոցաւ իր  ցաւակցութիւնները յայտնեց Ֆիլիփինեան կղզեխումբի Չեպու թեմի Արքեպիսկոպոսին ու կղերական դասին երախտապարտութեամբ յիշելով հանգուցեալ Կարդինալին Եկեղեցւոյ ի սպաս անձնուէր ծառայութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր սատարը ի սպաս երկխօսութեան ու Ֆիլիփինեան ընկերութեան խաղաղութեան։ Սրբազան Քահանայապետը Կարդինալ Վիտալի հոգին յանձնեց Երկնային Հօր ողորմութեան ապա իր առաքելական մխիթարիչ օրհնութիւնը ուղարկեց բոլոր անոնց որոնք կ՛ողբան անոր մահը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.