2017-10-18 10:14:00

Հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը. «Երանի անոնց որոնք կը մեռնին Տիրոջ մէջ»։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի՝ 18 հոկտեմբեր 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի Հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն շնորհեց հրապարակային ունկնդրութիւն, որուն առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութիւնը դարձեալ կեդրոնացուց քրիստոնէական յոյսին վրայ, ներշնչուելով Յովհաննէսի Աւետարանէն, ուր Յիսուս կ՛ըսէ «Ես եմ յարութիւն եւ կեանք. Ով որ կը հաւատայ ինծի, նոյնիսկ եթէ մեռնի, պիտի ապրի, իսկ ով որ ողջ է եւ կը հաւատայ ինծի պիտի չի մեռնի յաւիտեան» (Յովհ 11, 23,27)։

.

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարիլոյս, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, սկիզբ տալով խորհրդածութեան ու նշելով թէ այսօր կ՛ուզէ քրիստոնէական յոյսը համեմատել մահուան իրականութեան հետ։ Սրբազան Հայրը ակնարկեց մարդկային քաղաքակրթութեան որ ի սկզբանէ դիմագրաւած է մահուան իրականութիւնը, ինչպէս մատնանշուած է նաեւ սաղմոսներուն մէջ, ուր սաղմոսերգուն կը հաստատէ թէ «ոչնչութիւն ենք». Մեր օրերը առաք կ՛ընդանան եւ նոյնիսկ եթէ ապրինք հարիւր տարի,  վերջաւորութեան ամէն ինչ պիտի թուի որպէս թէ ըլլար վերջին շունչ մը։

Մահը, ըսաւ Սրբազան Պապը, մեզի կը բացայայտէ թէ մեր հպարտութեան, զայրոյթի ու ատելութեան ներգործութիւնները ունայնութիւն են։ Ցաւով կ՛անդրադառնանք թէ այնքան ալ սիրել չենք գիտցած ու այդքան ալ չենք փնտռած էականը եւ կամ ականատես կ՛ըլլանք մեր սերմանած բարիքներուն, սիրելիներուն որոնք համար զոհողութիւններ ըրինք եւ որոնք այժմ մեր կողքին կը գտնուին։

Յիսուս, յարեց ապա Սրբազան Պապը, մեր մահը լուսաւորեց, Ինք եւս տրտմեցաւ ի տես իր բարեկամին՝ Ղազարոսի մահուան եւ արտասուեց «Յովհ 11,35). Այդ պահուն Յիսուս աղօթեց Հօր՝ կեանքի ակնաղբիւր ու Ղազարոսին հրամայեց դուրս գալ գերեզմանէն։ Քրիստոնէական յոյսը կը կայանայ Յիսուսի՝ մարդկային մահուան դէմ ունեցած այս վարուելակերպին մէջ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ակնարկելով նաեւ աւետարանական այլ հատուածի մը ուր Յիսուս յարութիւն կու տայ Յայրոս անունով Ժողովարանի Պետի աղջկան։  Յիսուս Յայրոսին կը խրախուսէ ըսելով «մի վախնար միայն հաւատայ», մի վախնար՝ վառ պահէ այդ փոքրիկ բոցը, ապա երբ անոր տունը կը հասնի աղջիկին կը հրամայէ «Տալիթա կումի՝- աղջիկ քեզի կ՛ըսեմ ելիր» եւ աղջիկը իսկոյն ոտքի կ՛ելլէ ու կը սկսի քալել։

Յիսուս մեզ կը դնէ հաւատքի այս ծիածանի վրայ։ Մարթային որ կ՛ողբար եղբօր մահը կ՛ըսէ Ես եմ յարութիւն եւ կեանք. Ով որ կը հաւատայ ինծի, նոյնիսկ եթէ մեռնի, պիտի ապրի, իսկ ով որ ողջ է եւ կը  հաւատայ ինծի պիտի չի մեռնի յաւիտեան»։ Այս խօսքերը Յիսուս կը կրկնէ մեզմէ իւրաքանչիւրիս ամէն անգամ որ մահը կը փութա։ Յիսուս Մարթային ու մեզի հարց կու տայ «կը հաւատ՞աս ըսածներուս»։

Ամէնքս ալ փոքրիկ ու անպաշտպան ենք մահուան խորհուրդին դիմաց։ Սակայն ինչ մեծ շնորհք է այդ պահուն մեր սրտին մէջ պահպանել հաւատքի բոցը։ Յիսուս այդ պահուն, Յայրոսի աղջկան նման,  մեր ձեռքէն պիտի բռնէ ու մեզի պիտի ըսէ « Տալիթա կումի՝- աղջիկ քեզի կ՛ըսեմ ելիր»։ Ահա այս է մեր յոյսը մահուան դիմաց։ Այն որ կը հաւատայ այս մէկը լայն բացուած դուր մըն է, իսկ անոնք որոնք կը տարակուսին, այդ մէկը անոնց համար կը մնայ լոյսի նշոյլ մը, որ տակաւին բոլորովին չէ փակուած։ Բայց բոլորիս համար այդ կը դառնայ վստահութիւն՝ երբ լոյսը մեզ լուսաւորէ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խորհրդածութիւնը։ 

Նորին Սրբութիւնը հուսկ զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն յիշեցնելով թէ այսօր կը յիշատակուի Մարկոս Աւետարանիչի ծիսական տօնը։ Սիրելի երիտասարդներ թող որ անոր վկայութիւնը խթանէ ձեզ արի, զօրակցութեան եւ քնքշութեան ընտրանքներ կատարելու։ Սիրելի հիւանդներ, անոր ուսուցումներու ընդմէջէն Յիսուսին մէջ վերագտէք ձեր տառապանքներուն սփոփանքը ու դուք սիրելի նորապսակներ, հայցեցէք անոր բարեխօսութիւնը, որպէսզի ձեր նոր ընտանիքին մէջ երբեք չի պակսի տառապողներուն նկատմամբ ուշադրութիւնը։ 

 

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.