2017-10-18 11:19:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Կարդացա՞ծ Ես Աստուածաշունչը, Դարձեալ Կարդա՛

Աստուածաշունչը գիրք մըն է, որ աշխարհը իր մարդկութեամբ կրնայ մօտեցնել քեզի, եւ միաժամանակ գիրք մը, որուն ընթերցման պատճառած վերացումը, կրնայ կտրել քեզ աշխարհի առօրեայ միջավայրէն: Երկու պարագաներն ալ այստեղ դրական բնոյթ ունին, սակայն՝ մէկը միւսով պայմանաւորուած: Երբ մարդկութեան մօտենալով անոր կարիքները կը տեսնես, Աստուածաճանաչողութեան աւելի շուտ կը հասնիս: Իսկ երբ Աստուածաշնչական խորհուրդներու ճամբով կը վերանաս առ Աստուած, ապա Անոր սիրոյ ոսպնեակէն կը դիտես աշխարհը իր աստուածաստեղծ էակներով, ու աւելի կը մօտենաս մարդկութեան…:

 Հոգիի փրկութեան համար իբր սպեղանի թելադրուող այս հատորին բովանդակութիւնը՝ զանազան Աստուածաշունչ գիրքերու հաւաքածոն, շատերու համար հաճելի ընթերցանութեան մը առիթ է: Այդպիսիներ իրարու ետեւէ կրնան կարդալ կարգ մը գիրքերու մէջ ներկայացուող պատմական դէպքերը, կը հիանան հերոս կերպարներու ստանձնած առաքելութեանց ճշգրիտ կատարումին, անոնց արդարամտութեան ու արդարադատութեան: Զանազան դարաշրջաններու գրուած ըլլալով՝ երկար դարերու մարդկային փորձառութիւն կը պարունակէ Աստուածաշունչը, մարդուն կեանքին մէջ յատուկ կերպով ընդգծելով Աստուծոյ ցոյց տուած ճամբան՝ Անոր առաջնորդութիւնը, սայթաքող մարդուն փրկութիւնը ապահովելու ի խնդիր: Այնտեղ Աստուած միայն վերջնական փրկութեան հետամուտ չէ՛, այլ նաեւ այս աշխարհի վրայ ապրած միջոցին, մարդուն ուղեցոյցն է, որպէսզի ան ապրի այս կեանքը, այնպէս ինչպէս հաճելի պիտի ըլլայ իր Արարչին: Իսկ այդ ուղղութենէն դուրս մնալ՝ կը նշանակէ մեղանչել Անոր դէմ:

 Կարելի է Աստուածաշունչը նաեւ կոչել մեղքերու սրբագրութեան գիրք: Որովհետեւ այնտեղ նշուած զղջումները, որոնք պատմութեան ընթացքին արձանագրուած են, մարդոց մեղանչումներուն եւ ապա գիտակցութեան հետեւանքով եղած են, եւ Աստուածաշունչին մէջ տեղ գտած՝ իբրեւ օրինակ համայն աշխարհի մարդկութեան: Թերեւս չկա՛յ մեղքի տեսակ մը, որ ցարդ աշխարհ եկած մարդոցմէ մէկը կամ միւսը գործած չըլլայ, եւ որ արձանագրուած չըլլայ Աստուածաշունչին մէջ: Սուրբ Գրոց մասնագէտներ վստահաբար կազմած են ցուցակը այնտեղ յիշուած բազմատեսակ մեղքերուն, որոնց թուարկումը ինչքա՜ն ժամանակ պիտի խլէր ընթերցողներէն: Եւ միայն մէկ խաւի ու դասակարգի պատկանող անձեր չեն մեղանչողները: Որովհետեւ մեղաւոր բառին հետ առնչուող մարդիկ, առհասարակ ընդհանրացած մեղքեր կիրարկելու յանցանքով կը դատապարտուին, մինչ տակաւին կան ինչքա՜ն մեղքի տեսակներ, որոնք նոյնիսկ իրենց սաղմնային վիճակին մէջ՝ մարդուն մտքին մէջ, կրնան շատ աւելի ծանրակշիռ ըլլալ, քան իրապէս գործուած ոճիր մը…:

 Աստուածաշունչի ընթերցումը  Եկեղեցւոյ կողմէ թելադրուեցաւ հաւատացեալներուն յատուկ նպատակներով, որոնցմէ մէկը հաւատքի մէջ զօրացման համար անոր ընթերցումն էր, իսկ երկրորդը՝ մեղքերու եւ յանցանքներու իբրեւ քաւութիւն:

 Կը պատմուի, թէ հաւատացեալ մը, որ պարագաներու բերմամբ իր ընտանիքի անդամներուն հետ գժտուած էր, գիւղի քահանային կը դիմէ Աստուծոյ կողմէ խրատուելու համար: Քահանան, կը պատուիրէ անոր Ս. Գիրքը կարդալ, ու երբ հաւատացեալը ըսէ թէ քանի՜ անգամներ ծայրէ ի ծայր կարդացած է զայն: Քահանան սակայն կ՛ըսէ անոր.
– Կարդացա՞ծ ես, դարձեալ կարդա՛:

 Հաւատացեալը չմերժելու համար իր հոգեւոր հովիւը, կ՛երթայ պատուէրը գործադրելու: Որոշ ժամանակ ետք, երբ կը վերադառնայ քահանային, ըսելու թէ անգամ մը եւս կարդացած է զայն, սակայն ոչ մէկ փոփոխութիւն զգացած է, քահանան կը կանխէ զինք, ու կողով մը տալով կը խնդրէ, որ երթայ ու աղբիւրէն ջուր բերէ իրեն: Հաւատացեալը առանց վարանելու, շիւղերով հիւսուած զամբիւղը առած՝ կ՛ուղղուի դէպի աղբիւր: Հոսուն ակին տակ բաւական բռնելէ ետք զայն, երբ կը տեսնէ թէ ոչ մէկ կաթիլ կը մնայ անոր մէջ, թրջուած կողովը բռնած կը վերադառնայ քահանային եւ խեղճացած հոգիով կ՛ըսէ, թէ անկարելի է անով ջուր փոխադրել:

 Քահանան այն ատեն կ՛ըսէ անոր, թէ պէտք չէ՛ յուսահատիլ: Եւ կ՛աւելցնէ ըսելով, թէ այն ջուրը, որ այդ կողովին մէջ լեցուեցաւ ու պարպուեցաւ, մաքրե՛ց կողովը իր աղտեղութենէն, փոշիէն, շուկայէն գնուած բանջարեղէններու մնացորդներէն, պտուղներու տերեւներէն, շիւղերէն ու անոնցմէ ինկած միջատներէն:

 Մեր հոգին եւս այդ կողովին նման է: Ինչպիսի՜ «գնումներ» կը կատարուին օրական դրութեամբ եւ կը մտնեն ու կ՛ելլեն այդ «զամբիւղ»ին մէջ: Ամէնքս ալ գիտենք, որ կեանքի շուկաներու սփռոցներուն վրայ վաճառուող ամէն ինչ թարմ ու վստահելի չէ՛: Այնտեղ երբեմն կան նաեւ փտած ու մգլոտած պտուղ ու բանջարեղէն, մսեղէն թէ ընդեղէն: Եւ այդ բոլորը երբեմն մեր կամքէն անկախաբար կը մտնեն մեր «կողով»ին՝ հոգիին մէջ, որ ժամանակ առ ժամանակ լուացումի ու մաքրութեան կարիքը ունի:

 Աստուածաշունչն է մարդկային հոգին մաքրող ու լուացող միակ «ջուր»ը, կենսատու ջուրը, որուն աղբիւրը Աստուած Ի՛նք է, եւ զայն մեզի կը բաշխէ Իր միածին Որդիին միջոցաւ: Բնա՛ւ բաւարար չէ՛ ըսել՝ «կարդացած եմ Աստուածաշունչը»: Այսպիսի արտայայտութիւն մը նման է «æուրի պէտք չունիմ բնաւ» ըսելուն, որ ինքնին անկարելի է ապրող էակի մը համար: æուրը կեանքի խորհրդանիշ է, իսկ Աստուածաշունչի «ջուրը» մարդկային հոգին լուացող միակ միջոցը, որուն տուած լուացման կրկնութիւնը աւելիո՛վ պիտի փայլեցնէ ներքին մարդը՝ Աստուծոյ պատկերին նմանութիւնը գծելով նաեւ անոր արտաքին տեսքին վրայ: Հետեւաբար, եթէ Աստուածաշունչը կարդացած ես, դարձեալ ու մի՛շտ պէտք է կարդաս:








All the contents on this site are copyrighted ©.