2017-10-18 09:55:00

Ազրպէյճանի իշխող ընտանիքին առնչուող փտածութեան գայթակղութիւնը բացայայտող լրագրող Տ.Ք. Կալիցիա սպաննուեցաւ


Մալթայի 53-ամեայ քաղաքացի եւ ընդդիմադիր լրագրող Տեֆնի Քրուանա Կալիցիա երկուշաբթի յետմիջօրէին զոհ գացած է ահաբեկչական արարքի մը, երբ անոր վարած ինքնաշարժը պայթած է իր բնակարանէն հազիւ հեռացած միջոցին: Անոր զաւակը` Մեթիու բուռն կերպով դատապարտած է իր մօր սպանութեան դէպքը` զայն վերագրելով Մալթայի կառավարութեան` «Մաֆիայի պետութեան», որուն բուռն քննադատողներէն էր սպաննուած լրագրողը: «Մայրս ահաբեկուեցաւ, որովհետեւ կը կանգնէր օրէնքի գերիշխանութեան կողքին», յայտնած է ան:

Մալթացի լրագրողը յաճախ քննադատած էր Մալթայի վարչապետ Ժոզեֆ Մոսքաթը` զայն եւ իր կինը մեղադրելով փտածութեան արարքներով, որոնք կ՛առնչուին «Փանամայի փաստաթուղթեր» խորագրեալ փտածութեան թղթածրարի գայթակղութեան:

Մոսքաթ ամոլը բուռն կերպով հերքած է  Ազրպէյճանի իշխող ընտանիքէն ստացած իր գումարներու դրամատնային գաղտնի հաշիւները ծածկելու մասին տեղեկութիւնները:

«Բոլորը գիտեն, թէ ան բուռն կերպով կը քննադատէր զիս քաղաքական թէ անձնական մակարդակներու վրայ, սակայն ատիկա երբեք չ՛արդարացներ նման արարք մը», յայտարարած է  վարչապետ Մոսքաթ` բուռն կերպով դատապարտելով ոճրային արարքը, միաժամանակ հերքելով իրեն վերագրուած փտածութեան մեղադրանքները: Ան խոստացած է ճիգ չխնայել բացայայտելու համար յանցագործները` ընդգծելով, որ «հանգիստ պիտի չընէ մինչեւ արդարութեան հաստատումը»:

Ըստ «Պի.Պի.Սի.»-ին, Մալթայի կառավարութիւնը հաւանական նկատած է դիմել Միացեալ Նահանգներու հետախուզական գրասենեակին` «Էֆ.Պի.Այ.»-ին` քողազերծելու համար Տեֆնի Կալիցիայի ահաբեկման խորհրդաւոր շարժառիթը: Մալթայի ոստիկանութիւնը հետաքննութիւն բացած է դէպքին շուրջ:

Մալթայի պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, սպաննուած լրագրողը երկու շաբաթ առաջ յայտարարած է, թէ մահուան սպառնալիքներ ստացած է:

Ըստ նոյն աղբիւրին, Կալիցիա ընտանիքը պահանջած է փոխել լրագրողին սպանութեան դէպքը ստանձնած դատաւորը, որ յաճախ կը քննադատուէր լրագրողին կողմէ:

Բրիտանական «Տը Կարտիըն» թերթը «Անհատ կնոջ մը Ուիքիլիքսը» կոչած է սպաննուած լրագրողը` ակնարկելով անոր երկամեայ հետախուզական բացայայտումներուն` «Փանամայի փաստաթուղթեր» թղթածրարի փտածութեան առնչուող 11,5 միլիոն փաստաթուղթերուն գծով, որոնք կը վերաբերին աւելի քան չորս տասնամեակներէ ի վեր գործող «Մոսթաք Ֆոնսիքա» ընկերութեան գործակալներու կողմէ դրամի լուացման  քայլերուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.