2017-10-18 11:59:00

Աղքատութեան դէմ պայքարի համաշխարհային օրուան առիթով Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշբաթի, 18 հոկտեմբեր 2017-ին,  աղքատութեան դէմ պայքարի համաշխարհային  օրն է ։ Այս առիթով, Ֆրանչիսկոս Պապի  ինսթակրամ ընկերային համացանցի վրայ հրապարակուեցաւ  նորին Սրբութեան մէկ պատկերն ու պատգամը։  

Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ  հրաւէր  ուղղեց անսալու մեր գաղթական եւ մեկուսացուած եղբայրներու ճիչին՝ որոնք կ՝ըսեն   «անօթի եմ , պանդուխտ եմ, մերկ  ու հիւանդ եմ»։

 «Անսանք  մեկուսացուած եւ գաղթական մեր անթիւ եղբայրներուն ճիչին. անօթի եմ, պանդուխտ եւ  հիւանդ եմ, փակուած գաղթավայրի մը մէջ»։ գրած է  Նորին Սրբութիւնը իր ինսթակրամ ընկերային համացանցային կայքէջին մէջ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.