2017-10-17 12:22:00

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը Սուրբ Երկրի Պահակութեան 800 ամեակի առիթով։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 17 հոկտեմբեր 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նամակ մը յղած է Ֆրանչիսկեան Միաբանութեան  Սուրբ Երկրի Պահակ՝  Հայր Ֆրանչեսքօ Փաթթոնիին,  որուն մէջ  իր շնորհաւորութիւնները յայտնած է , Սուրբ Երկրի մէջ Ֆրանչիսկեան  միաբանութեան ներկայութեան 800 ամեակի առիթով,  եւ այս կապակցութեամբ Ֆրանչիսկեան միաբանութեան կողմէ  կազմակերպուած  բազմաթիւ կրօնաւորական- մշակութային, հոգեւոր  ձեռնակներու համար, «որոնց ընդմէջէն  կը բացայայտուի միաբանութեան թանկարժէք  նպաստը,  այն  վայրերուն մէջ ուր  Աստուծոյ Որդին մարմնացաւ եւ մեր մէջ բնակեցաւ» գրած է Ֆրանչիսկոս Պապը  ապա  նշած է թէ Ֆրանչիսկեան միաբանութիւնը, ունենալով միսիոնարական եւ տիեզերական հանգամանք, 1217-ին՝,  միաբանութեան կողմէ գումարուած ժողովի մը ընթացքին,   որոշում առած է փոքրիկ եղբայններ առաքել համայն երկիրներու մէջ  եւ այսպէսով ծնունդ առած է Սուրբ Երկրի  մէջ  ֆրանչսիկեան միաբանութեան մասնաճիւղը,   որ նախապէս անուանուած  էր  Սուրիոյ  կամ ծովէն անդին միաբանութիւն։ 

Սրբազան Հայր ապա գրած է որ Ֆրանչիսկեան  միաբանութեան կղերականները,  աղօթքով, պարզունակ եւ աղքատ կեանքով,  ինչպէս  նաեւ Հռոմի եպիսկոպոսին հնազանդութեամբ,  ներկայիս եւս յանձնառու են,  ուրբ  Երկրին մէջ՝ այլ մշակոյթի եւ ցեղերու ու կրօններու պատկան եղբայրներու մօտ սերմանելով խաղաղութիւն, եղբայրութիւն եւ յարգանք։

Ան բաձրր արժեւորեց  միաբանութեան  հնագիտական  հետազօտութեան եւ Սուրբ Գիրքի ուշադիր ուսամնասիրութեան աշխատանքները։

Ֆրանչիսկոս Պապ նամակին մէջ յիշեց նաեւ, Սուրբ Երկիրն պահակութեան եւ սրբավայրերու  մէջ հոգեւոր խանդավառութիւն ստեղծելէ անդին,  Ֆրանչիսկեան  միաբանութեան յանձնառումը տեղական եկեղեցիի ծառայութեան ի սպաս, եւ այս առնչութեամբ քաջալերեց  ուրախութեամբ յարատեւել  եղբայրներու նկատմամբ զօրակցութեան աշխատանքները՝ յատկապէս աւելի աղքատներու եւ դիւրաբեկներուն նկատմամբ։

Քահանայապետը նամակի աւարտին հաստատեց թէ « միանալով իր երջանկայիշատակ  նախորդներուն, սկսեալ՝  Կղեմես Զ Պապէն՝  «  Gratias agimus  »  կոնդակով,  կը վերանորոգէ Սուրբ երկրին վայրերու պահակութեան պաշտօնը՝ Ֆրանչիսկեան միաբանութեան,  քաջալերելով զանոնք , Սուրբ Երկրին մէջ  դառնալ Յարուցեալին ուրախութեան վկաները»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա  Սուրբ Երկրի պահակութիւնն  ու միաբանութեան իւրաքանչիւր հասարակութիւնն ու եղբայր  յանձնեց Սուրբ Կողս Մարիամի հովանիին, ու հայցեց  Ֆրանչիսկեան միաբանութեան պաշտպան  Սուրբ՝  Սուրբ Անտոն Փատովացիի բարեխօսութիւնը ու բոլորին շնորհեց  առաքելական օրհնութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.