2017-10-17 09:32:00

Միանմարը կը պատրաստուի Նոյեմբերի վերջաւորութեան ընդունելու Ֆրանչիսկոս Պապը։


(Ռատիօ Վատիկան) Միանմարի մէջ քրիստոնեաներ եւ պուտտիստներ խանդավառութեամբ կը սպասեն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի այցելութեան, որ ան պիտի կատարէ տարւոյս նոյեմբերի 27-30։

Եանկոնի Անարատ Յղութեան մայր տաճարի դիմաց զետեղուած է մեծ յայտարարութիւն մը, որ կ՛աւետէ Սրբազան Հօր ճամբորդութիւնը եւ անոր կ՛ուղղէ երկրին բարի գալուստի մաղթանքը։

Փաթէյնի թեմի երիտասարդներէն մին, Զարնի Սայա, ըսած է Ֆիտէս լրատուական գործակալութեան՝ «Ուրախ ենք որ Ֆրանչիսկոս Պապ իր յաջորդ այցելութիւնը պիտի կատարէ այս երկրին, որ մեծամասնութեամբ պուտտիստ է։ Առաջին անգամն է, որ մենք կը հիւրընկալենք Քահանայապետ մը։ Կը մաղթենք, որ անոր ներկայութիւնը եւ այցելութիւնը ծառայեն խաղաղութեան եւ հաշտութեան յառաջացումին։»

«Խաղաղութիւն եւ հաշտութիւն» Սրբազան Պապի ընտրած բնաբանն է այս այցելութեան համար. բնաբան մը, որ նշանակալից է բոլորին համար։ Միանմարի ընկերութիւնը շատ տառապած է անցեալին։ Այսօր՝ հակառակ շատ մը մարտահրաւէրներու, ներառեալ Ռախինէյի ռոհինկեա իսլամներու խնդիրը, ժողովուրդին մէջ կը տեսնուի մեծ բացուածք մը դէպի ազատութիւն եւ յոյս։

Պուտտիստ կրօնաւոր Սուչիթա ըսած է՝ «Քահանայապետի ներկայութիւնը բոլորին մէջ պիտի խորացնէ բարի կամքը։ Ընկերութիւնը կրնայ գտնել նորոգումի մը ճանապարհը։» Էսթեր Պիու, որ անցեալին եղած է Ասիոյ քրիստոնեայ համամիութենական ժողովի կանանց յանձնաժողովի գործադիր քարտուղար, աւելցուցած է թէ «Քահանայապետի այցելութիւնը պիտի ըլլայ Աստուծոյ ուշադրութեան մէկ խորհրդանիշը այս ժողովուրդին համար, որ շատ տառապած է նախորդ տասնամեակներուն։ Ապահով եմ, որ Սրբազան Պապը պիտի քաջալերէ բոլորը, որ միասնաբար աշխատին ծաղկումի եւ զարգացումի համար։»

Այցելութեան պաշտօնական օրակարգի համաձայն, որ հրապարակուած է Սուրբ Աթոռի կողմէ, երեքշաբթի, նոյեմբեր 27ին, Նայ Փիյ Թաուի նախագահական պալատին մէջ պիտի կատարուի բարի գալուստի արարողութիւնը, ուր Սրբազան Պապը պիտի հանդիպի նախագահ Հթին Քիաուի, եւ արտաքին գործոց նախարար՝ Աունկ Սան Սու Քիյի։ Սոյն օրը տեղի պիտի ունենան այլ հանդիպումներ։ Նոյեմբեր 29ի առաւօտեան, Սրբազան Հայրը Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ Եանկոնի մէջ, իսկ կէսօրէ ետք պիտի կատարէ զանազան հանդիպումներ թէ քրիստոնեաներու եւ թէ պուտտիստներու հետ։ Նոյեմբեր 30ին, առաւօտեան ժամը 10ին, Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ երիտասարդներուն համար եւ ապա պիտի մեկնի Պանկլատեշ, ուր պիտի մնայ մինչեւ դեկտեմբերի 2ը։

Միանմարի բնակչութիւնը կը հաշուէ աւելի քան 51 միլիոն՝ մեծամասնութեամբ պուտտիստ։ 2016ի տուեալներուն համաձայն երկրի միայն 6,3 տոկոսը քրիստոնեաներ են։ Կաթողիկէները, բաժնուած 16 թեմերու մէջ, կը հաշուեն մօտ 700.000 անձ։








All the contents on this site are copyrighted ©.