2017-10-17 08:03:00

Հայր Թովմաս Վրդ. Կարապետեանի մարմինը յանձնուեցաւ հողին։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի՝ 15 հոկտեմբեր 2017-ի կէսօրէ ետք  ժամը 3,30-ին, Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Սուրբ Եղիա Եկեղեցւոյ մէջ, հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ Գերապատիւ Հայր Թովմաս Վրդ Կարապետեանի յուղարկաւորութեան ու թաղման արարողութիւնը զոր գլխաւորեց ննջեցեալ քահանան ձեռնադրող եպիսկոպոսը՝ Ահրհ. Մանուել  Եպիսկոպոս Պաթագեան։

Հայր Թովմաս Կարապետեան անցեալ մէկ հոկտեմբերին իր մահկանացուն կնքած էր՝ 44 տարեկանին, Քալիֆորնիայի մէջ։

Սուրբ Պատարագ մատուցանեց Հայր Թովմասի երբեմնի դասընկերը՝ Զմմառու Միաբանութեան մեծաւոր՝ Գերյ. Գաբրիէլ Թ. Ծ. Վրդ. Մուրատեան, մինչ յաւուր պատշաճի պատգամը փոխանցեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Պէյրութի թեմին Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արհ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան որ ըսաւ. 

«Եթէ մենք կ’ապրինք, Տիրոջ համար կ’ապրինք, եւ եթէ կը մեռնինք՝ Տիրոջ համար կը մեռնինք։ Ուրեմն թէ՛ կեանքով եւ թէ՛ մահով մենք կը պատկանինք Տիրոջ» (Հռմ. 14, 8)։

Այս տխուր պահուն դարձեալ կը դիմենք  Սուրբ Գիրքին, որ կ’ըսէ.- «Ես կ’ապրիմ, սակայն ոչ ես, այլ Քրիստոս կ’ապրի իմ մէջս » (Գաղատացիներու 2, 20)։

Հարազատի մը անժամանակ կորուստին դիմաց սոսկ մենք զմեզ մխիթարելու համար արտասանուած խօսքեր չեն ասոնք, այլ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ մարդուն, առաւել եւս հոգեւորական մարդուն ուղղուած ճշմարտութիւններ։

Այսուհանդերձ, երբ կը մահանայ միայն 44 տարեկան վարդապետ մը,   մենք չենք կրնար չի գոչել՝ ինչո՞ւ  ով Տէր, ինչո՞ւ… երբ Քու Եկեղեցիդ այնքան կարիքն  ունի վարդապետներու, Քու խօսքդ աւետողներու, աւետարանողներու։ Ուրեմն, «ինչո՞ւ  ով Տէր» հարցումը ինքզինք կը պարտադրէ։ Ակամայ կը տարուինք պատասխան մը գտնելու հարցումին։

Զուր է սակայն բացատրութիւններ փնտռել Աստուծոյ տնօրինումներուն։ Որովհետեւ մարդկային իմացականութիւնը անզօր է բացատրելու այն ինչ որ Աստուծոյ կամքն է, անոր կամքին արտայայտութիւնը։ «Որովհետեւ եթէ մենք կ’ապրինք՝ Տիրոջ համար կ’ապրինք, եւ եթէ կը մեռնինք՝ Տիրոջ համար կը մեռնինք» ինչպէս կ’ըսէ Սուրբ Գիրքը։

Եւ իրաւամբ, հայր Թովմաս Կարապետեանը ապրեցաւ Տիրոջ համար ինչպէս ցոյց կու տայ անոր կենսագրութիւնը։ Արդարեւ, ան նուիրումով ծառայեց Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին այն առաքելավայրերուն մէջ ուր պաշտօնի կոչուեցաւ, մինչեւ հեռաւոր Միացեալ Նահանգներուն ու Պրազիլի մէջ, հեռու իր հարազատներէն ու ծննդավայրէն։ Եղաւ Հռոմի քահանայապետական Լեւոնեան Վարժարանի փոխ տեսուչ։ Սակայն, մինչեւ վերջին շունչը եղաւ ուսումնատենչ չբաւարարուելով մինչեւ ձեռնադրութիւնը ստացած գիտելիքներով։

Հայր Թովմաս եղաւ հեզաբարոյ հովիւը իր հօտին։ Լաւէն լաւագոյնին ձգտումն ու փնտռտուքը տագնապեցուց զինք։ Միայն Տէրը գիտէր անոր ապրումներուն, մտածումներուն ու ձգտումներուն մասին եւ Տիրոջ կամքով է որ ան հրաժեշտ տուաւ երկրաւոր  կեանքին, մեկնեցաւ լուռ ու անտրտունջ, խոր ցաւ պատճառելով իր հոգեւոր եղբայրներուն, հարազատներուն եւ բոլոր զինք ճանչցողներուն։ Ասոնք բոլորը իրենց մխիթարանքը պիտի գտնեն միայն ու միայն աղօթքին մէջ։

Արդարեւ, այս պահուս, մեզի՝  սգակիրներուս  կը մնայ աղօթել այն հաստատ համոզումով որ Տէրը լոյսերու մէջ պիտի ընդունի անոր հոգին եւ անոր պիտի պարգեւէ երկնային յաւիտենական հանգիստը։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.