2017-10-17 09:54:00

Եւրոպական Միութեան քաղաքացիները մարտ 2019-էն սկսեալ պիտի չկարենան մուտք գործել Բրիտանիա


Եւրոպական Միութեան երկիրներու քաղաքացիներուն համար Բրիտանիա ազատ մուտքը պիտի դադրի 2019-ի գարնան` Բրիտանիոյ Եւրոպական Միութենէն դուրս գալով: «Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, որ 31 յուլիսին այս մասին հաղորդած է «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Բրիտանիոյ վարչապետի դիւանատան աշխատակիցի յայտարարութիւնը:

Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյի պաշտօնական ներկայացուցիչը ըսած է, որ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիներուն ազատ տեղափոխութիւնները պիտի դադրին մարտ 2019-ին:

Դիւանատան աշխատակիցին համաձայն, Բրիտանիոյ կառավարութեան մէջ գոյութիւն ունի լայն համաձայնութիւն, որ Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու հոլովոյթը անհրաժեշտ է կատարել այնքան հարթ, որքան կարելի է: Ան նաեւ ըսած է, որ կառավարութեան «Պրեքզիթ»-ի խնդիրներուն շուրջ դիրքորոշումը կը մնայ յունուարին Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ վարչապետի ունեցած ճառին մէջ նշուածը:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ հակասութիւնը այն է, որ նշեալ ճառին մէջ Մէյ ներկայացուցած է ոչ թէ հարթ, այլ «կարծր Պրեքզիթ»-ի ուրուագիծերը` արտասահմանեան երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցիչներու ղեկավարներուն հասկցնելով, որ Բրիտանիան դուրս կու գայ հասարակաց շուկայէն, եւ նոյնիսկ Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու պայմաններուն մասին Պրիւքսելի հետ համաձայնագիրի բացակայութիւնը Լոնտոնի համար աւելի լաւ պիտի ըլլայ, քան վատ գործարքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.