2017-10-17 09:42:00

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան արձագանգը Սարգսեան – Ալիեւ հանդիպումին


Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ 16 հոկտեմբերին տեղի ունեցած հանդիպումը կարեւոր նշանակութիւն ունի բանակցային հոլովոյթին աշխուժացման համար պայմաններու ստեղծման տեսանկիւնէն, որուն լուրջ վնաս հասցուած է ապրիլ 2016-ին Արցախի դէմ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած յարձակումներուն արդիւնքով: Այս մասին նշուած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած մեկնաբանութեան մէջ:

Համոզուած ենք, որ բանակցային հոլովոյթի յառաջ մղումին հիմքերէն  մէկն է 1994 եւ 1995-ի համաձայնագիրներու անշեղ պահպանումը, ինչպէս նաեւ նախկինին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրագործումը, որոնք, մասնաւորապէս, կը վերաբերին դէպքերու  հետաքննութեան մեքանիզմի ներդրման եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի աշխատակազմի ընդլայնման ու դիտարկման կարողութիւններու յաւելման:

Կը կարծենք` ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին իրական յառաջընթաց ապահովելու ճամբուն վրայ եւս մէկ քայլ պէտք է դառնայ լիարժէք ձեւաչափով բանակցութիւններու վերականգնումը` անոր բոլոր փուլերուն Արցախի Հանրապետութեան անմիջական մասնակցութեամբ», նշուած է Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան մեկնաբանութեան մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.