2017-10-17 11:42:00

«Անմիտները չեն գիտեր ունկնդրել» Ֆրանչիսկոս Պապ


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 17 հոկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատոյց սուրբ պատարագը որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ անդրադարձաւ օրուան Աւետարանին քաղուած Ղուկաս Աւետարանիչէն ուր Յիսուս կը խօսի անմիտներու մասին որոնց սրտին մէջ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, Աստուծոյ Խօսքը մուտք չի գործեր, որովհետեւ այնտեղ սիրոյ համար տեղ չկայ։ Անոնք խուլ են ու այդ խուլութիւնը զանոնք կը մղէ կաշառակերութեան։

Անմիտները արդարեւ կարողութիւնը չունին ունկնդրելու Աստուծոյ խօսքը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, անոնք ազատ չեն, ստրուկ են իրենց ինքնահաւանութեան, աւելցուց Ան, հարց տալով թէ՝ մենք ինչպիսի վարուելակերպ ունինք Աստուծոյ Խօսքին հետ։ Եթէ կը թողունք որ ան մտնէ մեր սրտերուն մէջ՝ առանց խեղաթիւրելու զայն, կամ եթէ կը նախընտրենք «երեւոյթները, կուռքերն ու գաղափարախօսութիւնները» ըսաւ Ան ու քարոզը եզրափակեց հաստատելով թէ եթէ մենք այդ անմտութեան մէջ կ՛իյնանք կը հեռանանք Տիրոջմէ մինչ Տէրը մեր կարօտը կը զգայ ու այդ կարօտին համար կ՛արտասուէ այնպէս ինչպէս արտասուեց Երուսաղէմի համար, այն ժողովուրդին համար որ ընտրած էր, սիրած էր ու սակայն ակնատէս եղաւ անոր հեռացումին՝ անմտութեան պատճառաւ, որովհետեւ նախընտրեցին «երեւոյթները, կուռքերն ու գաղափարախօսութիւնները» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։








All the contents on this site are copyrighted ©.