2017-10-16 09:23:00

Քրտական ուժերը Ռաքքայի ազատագրման «Վերջին յարձակում»ը շղթայազերծած են


Ամերիկեան աջակցութիւն վայելող Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը յարձակում շղթայազերծած են Ռաքքայի մէջ մնացած ՏԱՀԵՇ-ի վերջին դիրքերուն դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»:

Քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը կը յայտնեն, որ իրենց յարձակումը շղթայազերծած են երէկ, երբ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներ, անոնց ընտանիքները եւ հարիւրաւոր քաղաքայիններ փոխադրող կարաւան մը հեռացած է քաղաքէն:

Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու բանբեր Թալալ Սելօ յայտնած է, թէ մնացեալ զինեալներուն, որոնք շուրջ 200-300 հոգի են, չէր արտօնուած անոնց միանալ:

Նշենք, որ Ռաքքան ՏԱՀԵՇ-ի իրողական մայրաքաղաքն է: Անիկա առաջին մեծ քաղաքն էր, որ 2014-ին ահաբեկչական խմբաւորումը գրաւեց եւ իր վերահսկողութեան տակ կը պահէր երեք տարիէ ի վեր:

Քիւրտ եւ արաբ զինեալներէ կազմուած Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը շուրջ չորս ամիսէ ի վեր պաշարած են քաղաքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.