2017-10-16 12:00:00

Միջկրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական խորհուրդի շնորհաւորագիրը Տիփավալիի տօնին առիթով


(Ռատիօ Վատիկան) Միջկրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական խորհուրդը, երկուշաբթի, 16 հոկտեմբերին, շնորհաւորագիր մը ուղղած է  Հինտու կրօնքի հաւատացողներուն,  Տիփավալիի տօնին առիթով, որ կը նշուի 19 հոկտեմբեր 2017-ին։

Պատգամին մէջ քահանայապետական խորհուրդի նախագահը՝ Կարդինալ Թոռան մաղթանք յայտնած է  Հինտուներուն, որ սոյն տօնակատարութիւններուն ճրագը,  լուսաւորէ հաւատացեալներուն  մտքերն ու կեանքը ինչպէս նաեւ  ուրախութիւն պատճառէ անոնց՝  հզօրացնելով ընտանիքներն ու հասարակութիւնները։

Ծիրանաւորը ապա անդրադարձած է ժամանակակից աշխարհի ամենամեծ մտահոգութեան՝ անհանդուրժողականութիւնը,  զայն նկատելով  բռնութեան հետեւանք,  մարտահրաւէր մր,  որ պէտք է  դիմագրաւուի բոլորին կողմէ  ։   

Այս  առընչութեամբ ծիրանաւոր շեշտը դրած է փոխադարձ յարգանքի վրայ՝  պատրաստելու համար խաղաղ եւ համերաշխ  ժամանակաշրջան՝ իւրաքանչիւր ընկերութեան համար։      

Կայուն խաղաղութիւն եւ յարատեւ համերաշխութիւն կերտելու համար ծիրանաւորը   նշած է որ պէտք է յարգել  եւ յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերել,  մշակութային զանազանութիւններուն ինչպէս նաեւ  հասարակութիւններուն  աւանդութիւններուն,  որոնք իրենց կարգին կը նպաստեն ընկերութեան միութեան  եւ առողջականութեան։ 

Կարդինալ Թոռան ապա ուրիշներուն նկատմամբ յարգանքը, նկատած է հակաթիւն  անհանդուրժողականութեան դէմ, որովհետեւ յարգանքի  միջոցաւ ցոյց կը տրուի  անձին եւ անոր արժանապատուութեան նկատմամբ հարազատ գնահատանքը։

Միջկրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը  պատգամը աւարտած է նշելով որ Հինտուները եւ քրիստոնեաներ արմատած իրենց հոգեւոր աւանդութիւններուն մէջ՝   եւ միացած  բոլորին բարօրութեան եւ միութեան համար միեւնոյն մտահոգութիւններով, այլ կրօններու  հաւատացեալներու եւ բարի կամք ունեցող մարդոց հետ միասին, ընտանիքներու եւ հասարակութիւններու մէջ, ուսումով եւ հաղորդակցութեան միջոցներու միջոցաւ, քաջալերել իւրաքանչիւր անձի յարգանքը , մասնաւորապէս մեր մէջ ապրող տարբեր մշակոյթի կամ հաւատքի պատկան անձերը , որպէսզի գերազանցեն անհանդուրժողականութիւնը ու կառուցենք ներդաշնակ ու խաղաղ ընկերութիւն մը՝  ուր ամէնքն ալ յարգուած ըլլան ու քաջալերուած գործելու ի սպաս մարդկային ընտանիքի միութեան։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.