2017-10-16 10:28:00

«Սիրելու կարողութիւնը կարող է երաշխաւորել մարդկային անվտանգութիւնը». Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան)  Պարէնի համաշխարհային օրուայ նշումի բացման արարողութեան առթիւ, որուն այս տարուայ բնաբանն է  «Փոխել արտագաղթի ապագան. Ներդրումներ ի սպաս պարէնի անվտանգութեան ու գիւղատնտեսութեան զարգացումին», Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, երկուշաբթի 16 հոկտեմբերին այցելեց Հռոմի ՄԱԿ-ի պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան կեդրոնը, ուր ժամանեց  առաւօտեան 9-ին ու դիմաւորուեցաւ կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն՝ Տիար Կրացիանօ Տա Սիլվայի կողմէ, ու ՖԱՕ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ՝ գերապայծառ Ֆերնանտօ Քիքա Արելլանոյի կողմէ ապա՝ կեդրոնատեղիի ներքնափակին մէջ, կազմակերպութեան նուիրեց՝ Սուրիացի փախստական՝ Ալան Քուրտի անունով մանուկը ներկայացնող կոթողը, որուն դիակը յայտնաբերուած էր 2015-ին, Թուրքիոյ Պոտրում քաղաքի ծովափը եւ որ դժբախտաբար դարձաւ աշխարհի բոլոր փախստականներու ողբերգութեան խորհրդանիշը։

Նորին Սրբութիւնը ապա հանդիպում ունեցաւ ՖԱՕ-ի ընդհանուր տնօրէնին հետ որմէ ետք հանդիպեցաւ եւ ողջունեց ՖԱՕ-ի անդամ իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, հուսկ 9.30-ին իր մասնակցութիւնը բերաւ ՖԱՕ-ի լիագումար նիստին, որուն ընթացքին ներկաներուն փոխանցեց իր պատգամը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունելով ներկաները ու յատկապէս  հզօրագոյն Եօթը երկիրներու գիւղատնտեսութեան նախարարները հաստատեց թէ «միջազգային այս օրուայ նշումը մեզ կը տանի 16 հոկտեմբեր 1945-ին- երբ Պետութիւնները, որոշեցին անօթութեան դէմ պայքարիլ՝ գիւղատնտեսութեան զարգացումի միջոցաւ ու հիմնեցին ՖԱՕ-ը»։

Պարենամդերային տագնապալից շրջան մըն էր ու միլիոնաւոր մարդիկ աշխատանքի փնտռտուքի մէջ էին դուրս գալու պատերազմին պատճառած արհաւիրքներէն - ըսաւ Սրբազան Պապը հարկաւոր նկատելով  վերադառնալ այդ սկզբնական յանձնառումին՝ որուն համար ծնունդ առաւ ՖԱՕ-ը, եւ որ այսօր կարօտ ունի բարեկարգումի։

Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց ապա  ժամանակակից կացութեան ուր հարկաւոր չէ միայն հաւասար կերպով բաժնել հողին պտուղները այլեւ պէտք  է  երաշխաւորել ամէն մէկ մարդ արարածի սնունդի իրաւունքը։  Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ թէ շտապ կարիքը կայ որոնելու նոր միջոցներ, որպէսզի ամէն մէկ անհատ իր ապագան դիտէ վստահութեամբ ու այս առընչութեամբ մատնանշեց գիտական ու արհեստագիտական նուաճումներուն որոնք կարող են սատարել այդ գործին։

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց հուսկ այսօրուայ իրականութեան ուր բազմաթիւ մարդիկ բացառուած են, թիրախ պատերազմներու ու բանական աղէտներու ու չարաշահումներու, հաստատելով թէ հարկաւոր է այս ուղղութեամբ շօշափելի առաջարկներ ներկայացնել, նուազեցնելու համար անօթի անհատներու թիւը, ինչպէս նաեւ կասեցնել հարկադիր տեղահանութիւնները։

Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց անօթութեան ու տեղահանութեան միջեւ կայացած կապին հաստատելով թէ այս հարցը կարելի է լուծել միայն եթէ նայինք անոր արմատներուն, զոր կարելի է յաղթահարել եթէ շրջանցենք երկու մեծ խոչընդոտներ. Հակամարտութիւնները ու կլիմայական փոփոխութիւնները։ Այս առընչութեամբ Ան հրաւիրեց երկխօսութեամբ ու բարի կամքով կասեցնել հակամարտութիւնները պայքարիլ ի սպաս ապազինումի  ինչպէս  նաեւ զինավաճառի դէմ, մինչ կլիմայական փոփոխութիւններուն ի տես, Սրբազան Քահանայապետը վերակոչեց Փարիզի համաձայնագիրը ու նման այլ համաձայնագիրերու պարունակութեան գործադրումը,  առաջարկելով յատկապէս ապրելակերպի փոփոխութիւն։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսեցաւ «մսխումի» երեւոյթի մասին, այս ուղղութեամբ առաջարկելով «բաժնեկցութեան» յանձնառումը ու յատկապէս եղբայրութեան գաղափարը որ պարունակուած է Աւետարանին մէջ ու այլ կրօնական աւանդութիւններուն մէջ եւ որ կարող է դառնալ միջազգային իրաւայարաբերութիւններու համար նաեւ՝ մարդկութեան սկզբունք։

«Սիրելու կարողութիւնը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հիմնական կեցուածքն է որ կարող է երաշխաւորել ոչ միայն սննդամթերքի անվտանգութիւնը այլ մարդկային անվտանգութիւնը իր համապարփակ երեւոյթով։ Սիրել կը նշանակէ օգնել իւրաքանչիւր երկիր աճեցնելու իր արտադրութիւնները ու սննդեղէնի տեսակէտով  ինքնաբաւ դառնալ» յարեց ապա Սրբազան Պապը ոգեկոչելով  մարդկայնութեան սկզբունքը՝ կասեցնելու համար գաղթականութեան երեւոյթը ու հաստատելով թէ «խոցելի է այն անհատը որ կարող չէ ինքզինք պաշտպանել, աւելի տկար է ու չունի պէտք եղած հնարաւորութիւնը» եւ այս առընչութեամբ հրաւիրեց երաշխաւորել «անվտանգ գաղթականութիւնը» որ ի գործ դրուած է Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան կողմէ։

Ի վերջոյ Սրբազան Պապը հրաւէր ուղղեց ունկնդրելու մեր գաղթական ու բացառուած եղբայրներու ճիչը որ կ՛ըսէ. «անօթի եմ, օտարական եմ, մերկ եմ, հիւանդ ու բանտարկեալ եմ». Այս կոչը արդարութեան կոչ է ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով այս ուղղութեամբ դիմել անկեղծ երկխօսութեան ու փոխադրած զօրակցական պատասխանատուութեան։

Թէեւ նկատել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, բազմաթիւ են այս ուղղութեամբ ձեռնարկները սակայն անոնք տակաւին բաւարար չեն ու հարկաւոր է նոր ձեռնարկներ մշակել ինչպէս նաեւ ֆինանսաւորել ծրագիրներ՝ որոնք աւելի շօշափելի կերպով կը պայքարին անօթութեան ու թշուառութեան  դէմ։ Ան ապա նշեց թէ եթէ նպատակը գիւղատնտեսութեան զարգացումն է, օրինաւոր չէ ժողովուրդէն խլել մշակուելիք հողերը ու զանոնք դնել քիչերու տրամադրութեան տակ, այս ուղղութեամբ վստահեցնելով Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ յանձնառումն ու մասնակցութիւնը, հիմնուած անոր սիրոյ առաքելութեան վրայ, որ զինք կը մղէ սիրելու բոլորը ու միեւնոյն ժամանակ յիշեցնելու անոնց որոնք ազգային ու միջազգային պատասխանատուութեան տէր են երաշխաւորելու նաեւ աղքատներուն կարիքները։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը եզրափակեց մաղթելով բոլոր ներկաներուն, որ ամէն մին իր հաւատքի կամ սկզբունքներու լռութեան մէջ, վերագտնէ դրդապատճառները, սկզբունքներն ու ներդրումները՝ ՖԱՕին ու միւս միջկառավարական իշխանութիւններուն փոխանցելու այն արժէքը՝ բարելաւել ու անյապաղ կերպով գործել՝ ի սպաս մարդկային ընտանիքի բարիքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.