2017-10-15 09:09:00

Կիրակի 15 Հոկտեմբեր 2017 Ե. Կիրակի Խաչէն ետք Մարկոս 12, 35-44


Աղքատ այրիի լումային արժէքը

Քրիստոսի մարդեղութեան խորհուրդը աշխարհի համար` մեծագոյն գաղտնիքներէն մին է, որով կարելի չէ հասկնալ զայն մարդկային ըմբռնումով։ Աստուած մը որ մարդ կը դառնայ եւ մարդկային բնութիւնը կ՛ընդգրկէ ամբողջութեամբ, իր լաւ եւ վատ կողմերով, բացի անշուշտ մեղքէն, մեզ համար պարզապէս անըմբռնելի է։ Յիսուս մարդու որդի է, եւ առ այդ` Դաւթի սերունդէն է, ուստի եւ կը կոչուի Դաւթի որդի, սակայն իր մէջ կայ նաեւ գերբնական ներկայութիւն մը, որը զինք կը դասէ Դաւիթէն աւելի բարձր. ինք նաեւ Աստուծոյ որդին է, աւելի ճիշդ` նախ Աստուծոյ որդի է եւ ապա` մարդու որդի։ Ինչ որ սակայն իր խօսակիցները չեն կրնար հասկնալ եւ այս պատճառաւ ալ կարող չեն պատասխան տալ իր տուած հարցին. Թէ ինչպէ՞ս Քրիստոս Դաւթի որդի կը կոչուի, երբ Դաւիթ մարգարէ-թագաւորը զինքը Տէր կը կոչէ։

Այս հակաճառութեան մէջ` մարդկային խելքը անելի առջեւ կը գտնուի եւ իր ունեցած տրամաբանութիւնը իր արժէքը կը կորսնցնէ, փաստելով թէ մարդ իր խելքով չէ որ կրնայ դատել ամէն ինչ եւ ամենամեծ իմաստունն անգամ կը չքանայ աստուածային ամենապարզ  իմաստութեան դիմաց։

Ահա փաստը այս աստուածային տրամաբանութեան կու գայ երբ, տաճարի գանձանակին առջեւ կանգնած` անոնք կը դիտեն նուիրատուները։ Ամէնուն ակնարկ-ները բնականաբար կ՛երթան դէպի այն մեծահարուստները որոնք իրենց լեցուն քսակները կը պարպեն գանձանակին մէջ։ Ոչ ոք կը նշմարէ աղքատ այրիին նուէրը, բացի Յիսուսէն, որ կը քննէ մարդոց սրտերը եւ իր ակնարկը աւելի աստուածային է քան մարդկային։ Դիտմամբ Յիսուս կու տայ այս օրինակը, որպէսզի իր առաքեալները իմանան թէ ինչպէս հարկ է որ դատեն մարդիկը եւ գնահատեն անոնց գործերը։

Եթէ մենք ալ Քրիստոսի մօտ ըլլայինք, առաքեալներուն հետ միատեղ, վստահաբար անոնց նման` մեր հիացումը պիտի երթար առատաձեռն եւ հարուստ բարերարներուն, որոնց նուէրը էական եւ կարեւոր նպաստ մը կը բերէր քահանաներուն եւ կը ծառայէր արդիւնաւորապէս տաճարի պէտքերուն։ Մեր այսօրուայ ժողովրդապետները, եպիսկոպոսները եւ առհասարակ բոլոր կղերականները նոյնպէս կը գնահատեն մեծահարուստներու նուիրատուութիւնը եւ բանի տեղ չեն դներ աղքատին լուման, նոյնիսկ եթէ անձամբ կը ճանչնան այդ աղքատը եւ տեղեակ են անոր չքաւորութեան ու միանգամայն վեհանձնութեան, ուստի եւ պէտք չունին Յիսուսի պէս անոր սիրտը տեսնելու եւ անոր ծածուկ դիտաւորութիւնը կարդալու։ Սակայն մեզմէ աւելի մեծ է սնապարծութեան այս զգացումը որով կը գնահատենք մարդը իր տուածին քանակով եւ ոչ թէ իր սրտին վեհանձնութեամբ։

Այս օրինակով Քրիստոս մեզի ամէնուս կը սորվեցնէ թէ ինչ որ կու տանք, հարկ է որ բոլոր սրտանց տանք եւ ոչ թէ մարդոցմէ երեւելու եւ կամ գովասանք ստանալու համար. Շատեր երբ ժողովրդապետական թերթերը կը ստանան, առաջին էջը որ կը բանան նուիրատուութիւններու էջն է. Հետաքրքիր են գիտնալու թէ ով ինչ տուեր է որպէսզի անտեղի մեկնաբանութիւններ ընեն անոր մասին։  Մենք սնուցանելու ենք հոգին եւ արժէք տալու ենք այն բոլորին որ մարդու սրտէն ու հոգիէն կը բխին, որովհետեւ Աստուծոյ աչքին` միայն անոնք է որ արժէք ունին. Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.