2017-10-15 09:57:00

«Եթէ սէրը կորսուի քրիստոնէական կեանքը կը դառնայ ամուլ» Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի՝ 15 հոկտեմբեր 2017-ի  առաւօտեան 10.00-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ  գլխաւորեց  30 պրազիլցի եւ 3 մեքսիքացի մարտիրոսներու սրբադասման արարողութիւնը։ 
Այս առթիւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սուրբեր  հռչակուեցան. Երբեմնի Յիսուսեան միաբանութեան անդամ, Ամերիկայի բնիկներու առաքեալ, Հայր Անտրէա Տէ Սովերալ, Հայր Ամպրոճօ Ֆրանչեսքօ Ֆերրօ, աշխարհական Մաթթէօ Մորեյրա ու անոր 27 ընկերները, որոնք համարուած են Պրազիլի նախավկաները եւ որոնք իրենց հաւատքը վկայեցին ի գին իրենց կեանքին ու նահատակուեցան 1545 թուականին։ Ապա Մեքսիքոյի նախավկաներ՝ երիտասարդ նահատակներ Քրիստոպալ, Անթոնիօ եւ Խուան որոնք իրենց արիւնը դափեցին Յիսուս Քրիստոսի սիրոյն համար, հուսկ Սպանացի Հայր Ֆաուսթինօ Միկէզը «Աստուածային Հովուուհի» միաբանութեան հիմնադիրը եւ ի վերջոյ Ֆրանչիսկեան Միաբանութեան անդամ՝ Իտալացի Հայր Անճելօ Տա Աքրի, որ իր կեանքը նուիրած է կարիքաւորներու պաշտպանութեան ու ընկերային արդարութեան հաստատման ի խնդիր։


Սրբադասման արարողութեան ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց  օրուան սուրբ գրային ընթերցումին որ քաղուած էր Մատթէոս Աւետարանիչէն, ուր Յիսուս Երկնքի արքայութեան մասին խօսելով զայն կը նմանեցնէ հարսանեկան ընթրիքի մը ուր Թագաւոր մը հարսանիքի խնջոյք կը սարքէ իր որդիին, որ առակին դերակատարն է,  ըսաւ Սրբազան Պապը, որուն «մէջ դիւրաւ կարելի է տեսնել Յիսուսը»։ 
Առակին մէջ ապա կը խօսուի հրաւիրեալներու մասին որոնք մեզ կը ներկայացնեն, ըսաւ Սրբազան Պապը, որովհետեւ Տէրը կ՛ուզէ մեզմէ իւրաքանչիւրիս հետ հարսանեկան խնջոյք սարքել, որովհետեւ Քրիստոնէական կեանքը՝ սիրոյ պատմութիւն մըն է Աստուծոյ հետ, որմէ եւ ոչ մէկը բացառուած է ու այս ձրի սէրէն է որ մշտապէս կը վերածնի քրիստոնեայի կեանքը։ 
Սրբազան Պապը ապա հարց տուաւ եթէ մենք այդ սիրոյ կը համապատասխանենք ու մեր առօրեային մէջ առ նուազն մէկ անգամ Տիրոջ կը դիմենք ըսելով «Տէր կը սիրեմ քեզ. Դուն իմ կեանքս ես»։  Որովհետեւ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, եթէ այդ սէրը կորսուի քրիստոնէական կեանքը կը դառնայ ամուլ, առանց հոգիի մարմին մը, առանց իմաստի սկզբունքներու շարք մը…մինչ Կեանքի Աստուածը կ՛ակնկալէ կեանքի պատասխան, սիրոյ պատասխան, յարեց Քահանայապետը, հրաւիրելով միշտ ի միտ ունենալ Աստուծոյ հետ առաջին սէրը ու համապատասխանել մեզի ուղղուած հրաւէրին ու չի հետեւիլ աւետարանական հատուածին մէջ նշուած անոնց՝ որոնք  նկատի նոյնիսկ չեն առներ Թագաւորին հրաւէրը ու կը լուծուին իրենց աշխատանքներուն։ Անոնք ըսաւ, Սրբազան Պապը, իրենց քմահաճոյքը նախընտրեցին ու այս մէկը դժբախտաբար շարժառիթն է հեռանալու սէրէն, փակուելու մեր մէջ, մեր «Ես»ին մէջ, դիտել տուաւ Ան, հաստատելով թէ Աստուած՝ հակառակ մարդոց մերժումին կը շարունակէ հրաւիրել, չի յոգնիր։ Ւ տես անարդարութեան, Ան կը համապատասխանէ աւելի մեծ սիրով, որով ան կը յաղթէ չարին ու մեզ կը հրաւիրէ իրեն հետեւելու ու մեր կեանքը ապրելու իսկական սիրոյ հիման վրայ։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց «հարսանեկան զգեստին»՝ հաստատելով թէ բաւարար չէ միայն «այո» պատասխանել հրաւէրին, հարկաւոր է նաեւ զգենուլ պատշաճ զգեստը որ է՝ ամէն օր սէրը ապրելու վարժութիւնը։  Որովհետեւ բաւարար չէ միայն «Տէր իմ,  Տէր իմ» ըսել,  առանց ապրելու ու կատարելու Աստուծոյ կամքը «Մատթ 7,21», ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ. մարտիրոսները որոնք այսօր կը սրբադասուին, մեզի ցոյց կու տան այդ ճանապարհը։ Անոնք «այո» ըսին սիրոյն, խօսքով ու իրենց կեանքով։ Անոնց հարսանեկան զգեստը եղաւ Յիսուսին սէրը, այդ խելագար սէրը որ մեզ սիրեց մինչեւ վերջ, ու մեզի որպէս ժառանգ թողուց իր ներումը։ 
«Մեր Սուրբ եղբայրներու ու քոյրերու բարեխօսութեամբ, Անորմէ հայցենք շնորհքը՝ ընտրելու ու հագուելու ամէն օր այդ զգեստը ու զայն պահելու անպիղծ։ Այս ընենք նախ եւ առաջ ընկալելով Տիրոջ ներումը՝ որ անհրաժեշտ քայլն է մտնելու համար հարսանեական սրահ ու Անոր հետ միասին տօնախմբելու սիրոյ տօնակատարութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով քարոզը։ 

 

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.