2017-10-14 09:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ հռչակած նոր սուրբերու կենսագրականը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի, 15 հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ տեղի պիտի ունենայ 30 պրազիլցի եւ 3 մեքսիքացի մարտիրոսներու սրբադասումը։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պիտի մատուցանէ Սուրբ Պատարագը եւ պիտի նախագահէ սրբադասման արարողութեան։

Պիտի սրբադասուին Անտրէա տէ Սովերալ, Ամպրոճօ Ֆրանչեսքօ Ֆերրօ քահանաները եւ աշխարհական հաւատացեալ Մաթէօ Մորէյրա եւ այլ 27 մարտիրոս ընկերներ, ինչպէս նաեւ Քրիսթոֆորօ, Անթոնիօ եւ Ճովաննի պատանիները, Ֆաուսթինո Միկէզ եւ Անճելօ տա Աքրի։

Անտրէա տէ Սովերալ, Ամպրոճօ Ֆրանչեսքօ Ֆերրօ քահանաները եւ աշխարհական հաւատացեալ Մաթէօ Մորէյրա եւ այլ 27 մարտիրոս ընկերներ 1597 թուականին առաջին անհատներն էին, որոնք հասած էին Պրազիլի Ռիօ Կրանտէ տօ Նորթէ շրջանը։ Անոնք Փորթուկալի թագաւորութեան Յիսուսեան միաբանութեան առաքեալներ եւ թեմական քահանաներ էին։ Անոնց ժամանումին յաջորդող տասնամեակներուն, հասած էին նաեւ հոլանտացի կալւինականներ, որոնց ժամանումով ծայր առած էին կաթողիկէներու հալածանքները։ Այս հալածանքներու ժամանակ կը նահատակուին յիշեալ վկաները։ Առաջին նահատակութիւնը կատարուած է 1645ի յուլիսի 16, երբ ժողովրդապետ Հայր Անտրէ տէ Սովերալ կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագը կը մատուցանէր։ Խումբ մը հոլանտացի զինուորներ կը խուժեն մատուռ եւ կը կոտորեն հաւատացեալները։

Երկրորդը կատարուած է նոյն տարւոյն հոկտեմբերի 3ին, երբ Նաթալի կաթողիկէները, որոնք ապարդիւն կերպով փորձած էին ապաստաններ գտնել, կը բանտարկուին իրենց ժողովրդապետ Ամպրոզիօ Ֆրանչիսկօ Ֆերրոյի հետ միասին, եւ խոշտանգումներէ ետ կը լքուին մահուան։ Այս կերպով, կաթողիկէներու դէմ ատելութեամբ լի հոլանտացի զինուորներու ձեռքով մօտ 200 Ինտիոներ կը սպաննուին։ Հայր Անտրէ տէ Սովերալ, Հայր Ամպրոզիօ Ֆրանչիսքօ Ֆերրօ եւ Մաթէոս Մորէյրա եւ անոնց 27 ընկերները երանելիներու կարգին դասուած էին 2000 թուականի մարտ 5ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի ձեռքով։

Քրիստթոֆորօ, Անթոնիօ եւ Ճովաննի պատանիները նկատուած են Մեքսիքոյի եւ ամերիկեան ամբողջ ցամաքամասի նախավկաները։ Անոնք դաստիարակուած էին ֆրանչիսկեան կրօնաւորներու մօտ, հեռանալով տեղական կռապաշտութենէն։ Քրիսթոֆորօ փորձած էր Աւետարանը ծանօթացնել ազգականներու եւ ծանօթներու եւ կ՛ուզէր ազատել հայրը ալքոլամոլութենէ. սակայն անոր հայրը բուռն հակառակութիւն ցուցաբերած էր անոր դէմ. ասոր համար օր մը կը գանահարէ զաւակը, մինչ ան կը շարունակէր աղօթել, եւ ապա զայն կը նետէ խարոյկի մէջ։ Անթոնիօ եւ Ճովաննի 12 եւ 13-ամեայ պատանիները, պատասխանատուութիւն ստանձնած էին ընկերակցիլ դոմինիկեան հայրերուն առաքելութեան արշաւի մը ընթացքին, իբր բնիկներու թարգմանիչ։ Պատանիները կ՛օգնեն առաքեալներուն խորտակելու կուռքերը, սակայն այս գործողութիւններէն մէկուն ընթացքին քանի մը բնիկներ զանոնք գանահարելով կը սպանեն։ Այս պատանիներու երանացումը կատարուած էր Մեքսիքօ Քաղաքի Կուատալուբէ սրբավայրին մէջ, 6 մայիս 1990ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի կողմէ։

Ֆաուսթինօ Միկէզ, ծնած է 25 մարտ 1831ին, Սպանիոյ Կալիցիա նահանգին մէջ։ Ան իր նորընծայութիւնը կատարած է Մատրիտի Սքոլոփեան (Փիարիստ) միաբանութեան մօտ, եւ օծուած է 1856ին։ Յաջորդ տարին ան ուղարկուած է Քուպա, հաստատելու Սքոլոփեան առաջին հիմնարկը։ Ապա գործած է Սպանիոյ զանազան համայնքներու մէջ։ Ֆաուսթինօ աւելի քան 50 տարիներ ամբողջութեամբ նուիրուած էր դաստիարակութեան։ Տեսնելով կիներու լքուած վիճակը, կը հաստատէ Քալազանցիօ Հիմնարկը, անուանուած «Աստուածային Հովուուհիի Դուստրեր», որ կը նուիրուի մանուկներու դաստիարակութեան։ Ան կը մահանայ 1925ի մարտ 8ին, եւ երանելի կը հռչակուի 25 հոկտեմբեր 1998ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի կողմէ։

Նոր սուրբերու կարգին է նաեւ իտալացի Անճելօ տʼԱքրի։ Ան ծնած է 1669ի հոկտեմբերի 19ին։ 18 տարեկանին կ՛որոշէ Քափուչինեան կրօնաւոր դառնալ։ Օծուելով քահանայ կը նուիրուի քարոզութեան։ 1702էն մինչեւ 1739, անխոնջ կերպով կը գործէ Քալապրիայի եւ հարաւային Իտալիոյ մեծ մասին մէջ։ Երկար ժամեր կ՛անցընէր խոստովանարանի մէջ, անխոնջ կերպով լսելով մեղաւորներու խոստովանութիւնը։ Անոր մարմինը կը գտնուի Աքրիի սրբավայրին մէջ։ Լեւոն ԺԳ. Քահանայապետը զայն երանելի հռչակած էր 18 դեկտեմբեր 1825ին։

Կարդինալ Անճելօ Ամաթօ, ղեկավար Սուրբերու Դատի Ժողովին ըսած է՝ «նոր սուրբերը մատուցած են «ողորմած Աստուծոյ աւետարանումը»՝ վճարուած իրենց կեանքով։»








All the contents on this site are copyrighted ©.