2017-10-14 12:23:00

Ֆրանչիսկոս Պապ «Վինչենցիանա» միաբանութեան անդամներուն՝ «շարունակեցէք ձեր ընթացքը»


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 14 հոկտեմբեր 2017-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, ունկնդրութիւն շնորհեց «Վինչենցիանա» միաբանութեան ընտանիքի 11 հազար անդամներուն, որոնք այս տարի կը նշեն իրենց հիմնադրութեան 400-րդ ամեակը, որպէս բնաբան ունենալով «պանդուխտ էի եւ ընդունեցաք զիս» (Մատթ. 25, 35)։

Ունկնդրութեան ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը ողջունելով ներկաները քաջալերեց զանոնք յարատեւելու Սուրբ Վինչենցոյի խարիզմներու ճանապարհին վրայ, անոնց առաջարկելով երեք բայեր, «որոնք ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը շատ կարեւոր են Վինչենցիան ապրումին եւ ընդհանրապէս՝ քրիստոնէական կեանքին համար». Պաշտել, ընկալել ու երթալ։

Պաշտել. Բազմաթիւ են Սուրբ Վինչենցոյի հրաւէրները պաշտամունքի մասին, ըսաւ Քահանայապետը յորդորելով «մշակել ներքին կեանքը ու նուիրուիլ աղօթքին, կը բիւրեղացնէ սիրտը» ու հաստատեց թէ «աղօթքը՝ առօրեայի ուղեցոյցն է, միայն պարտականութիւն մը չէ, այլ Աստուծոյ առջեւ կանգնիլ է ու Անոր նուիրուիլ է, Անոր առջեւ երկրպագել ու  զինք պաշտել է»։ «Տիրոջ հետ այս մտերմութիւնը կը պարգեւէ խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն» ըսաւ Քահանայապետը, մէջբերելով Սուրբ Վինչենցոյի աղօթքի ու պաշտամունքի մասին խօսքեր ու եզրակացնելով թէ «ան որ կ՛աղօթէ կը սկսի Տիրոջ պէս գործել, կը դառնայ աւելի ողորմած, աւելի տրամադիր ու աւելի հասկացող, գերազանցելով կարծրութիւնն ու բացուելով ուրիշներուն», ապա մատնանշեց երկրորդ բային՝ ընկալել։ Ընկալել, ընդունիլ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը խոր իմաստ ունեցող իրականութիւն մըն է ու կը նշանակէ տրամադիր ըլլալ, ուրիշներուն նուիրուիլ, այնպէս ինչպէս Աստուած տրամադիր է մեր հետ։ Ընկալել կը նշանակէ մեր «Այո»ն սահմանափակել ու մեր կեանքի մէջ տեղ տալ «դուն» եւ «մեր» ին։ Ընկալող քրիստոնեան Եկեղեցւոյ իսկական մարդ է, որովհետեւ Եկեղեցին Մայր է ու մայր մը միշտ կ՛ընկալէ կեանքը ու անոր կ՛ընկերանայ» հաստատեց ապա Քահանայապետը եւ մատնանշեց «երթալ» բային, ըսելով որ «սէրը շարժուն է, ինքն իրմէ դուրս կ՛ելլէ։ Այն որ կը սիրէ՝ միշտ դէպի դուրս կ՛ընթանայ»։ Սուրբ Վինչենցոն արդարեւ ըսած է «մեր կոչումը երթալ է, ոչ թէ դէպի ժողովրդապետութիւններն ու Թեմերը, այլ համայն աշխարհ։ Այնտեղ ոգեւորելու համար մարդոց սրտերը, ընելով այն ինչ որ ըրաւ Աստուծոյ Որդին, որ եկաւ կրակ բերելու աշխարհ ու զայն իր սիրով բորբոքելու համար»։ Այս կոչումը, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, բոլորին համար վաւեր է, ապա ճառը եզրափակեց մաղթելով որ Վինչենցեան միաբանութեան անդամները եւս երբեք կանգ չառնեն, այլ շարունակեն ամէն օր, պաշտամունքի միջոցաւ, սնանիլ Աստուծոյ սէրէն ու զայն տարածեն համայն աշխարհի մէջ, եղբայրսիրութիւն, տրամադրութիւն ու հաշտութիւն վարակելով։

Կ՛օրհնեմ ձեզ բոլորդ ու աղքատները որոնց կը հանդիպիք։ Եւ ձեզմէ կը խնդրեմ, բարեհաճեցէք, մի մոռնաք աղօթել ինծի համար։  








All the contents on this site are copyrighted ©.