2017-10-14 08:55:00

Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպումը պիտի կայանայ երկուշաբթի օր՝ Ժընեւի մէջ


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն».- Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Իլհամ Ալիեւ Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 16ին հանդիպում մը պիտի ունենան Ժընեւի մէջ. այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքը:

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Աշոտեանի համաձայն՝ Արցախի հարցին վրայ կեդրոնացող այս հանդիպման մասին խօսուած է կուսակցութեան գործադիր մարմինի նիստին ընթացքին։ «Հպանցիկ անդրադարձանք յաջորդ շաբաթուայ ընթացքում Հայաստանի եւ Ադրբեջանի նախագահների՝ Ժընեւում կայանալիք հանդիպմանը, որը նախաձեռնել են Մինսկի խմբի համանախագահները», ըսաւ Աշոտեան:

Քանի մը օր առաջ, Ալիեւ Պաքուի մէջ յայտարարած էր, թէ ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման ուղղուած բանակցային գործընթացը պիտի վերսկսի՝ «առանց որեւէ նախապայմանի», աւելցնելով. «Հայաստան տարբեր նախապայմաններ յառաջ քաշելով կը փափաքի խափանել բանակցութիւններուն վերսկսումը, բայց այժմ ստիպուած է հրաժարելու այդ քաղաքականութենէն»: Ի պատասխան, Հայաստանի նախագահի մամլոյ խօսնակ Վլադիմիր Յակոբեան իր կարգին յայտարարած էր, թէ նախագահներու հանդիպումէն քանի մը օր առաջ, Պաքու կը փորձէ պատրանք ստեղծել, թէ՝ ի՛նքն է, որ թելադրողի դեր ստանձած է բանակցութիւններուն մէջ: «Բաքուի հաշուարկները պարզունակ են՝ խուսափել նախորդ գագաթնաժողովներին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները չկատարելու պատասխանատուութիւնից», նշած էր Հայաստանի նախագահի խօսնակը:

Հայաստանի խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը ղեկավարող Աշոտեան նաեւ ընդգծեց, որ Հայաստանի նախագահը, հաւատարիմ ըլլալով բանակցային գործընթացի ձեւաչափին՝ որոշած է հանդիպման մասնակցիլ, հակառակ ատրպէյճանցի պաշտօնատարներուն վերջին յայտարարութիւններուն։

«Քանիցս շեշտել ենք մեր մօտեցումը, որ բանակցային գործընթացի յաջող ընթացքի համար հարկաւոր է ստեղծել արժանահաւատ միջավայր, անվտանգ միջավայր, միջադէպերի հետաքննութեան միջավայր, ԵԱՀԿ դիտորդական առաքելութեանը վերապահել մոնիթորինգային (հսկողութեան, Խմբ.) աւելի մեծ լիազօրութիւններ, ստեղծել միջադէպերի հետաքննութեան արժանահաւատ մեխանիզմներ (համակարգեր, Խմբ.)։ Այսինքն՝ վերականգնել այն բոլոր կորցրած թոյլ, բայց այնուհանդերձ գոյութիւն ունեցող հաւատի թելերը մեր հարեւանների նկատմամբ, որոնք կային մինչեւ Ապրիլեան պատերազմը։ Հետեւաբար, բանակցային գործընթացը շարունակւում է, բայց այս փուլում աւելի կարեւոր է այդ գործընթացի մէջ միջավայրի վերականգնումը, որը կարող է թոյլ տալ աւելի լաւատեսօրէն նայել դէպի բանակցային ապագան», նշած է Աշոտեան:

Նշենք, որ այս շաբաթ Սոչիի մէջ կայացած ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու հաւաքի սեղանին շուրջ կը գտնուէին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները, այդուհանդերձ, Սարգսեան-Ալիեւ առանձին հանդիպում մը տեղի չէ ունեցած:

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները իրենց վերջին հանդիպումը ունեցած էին մօտաւորապէս մէկ ու կէս տարի առաջ, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ: Այդ հանդիպման ներկայ եղած էր նաեւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:








All the contents on this site are copyrighted ©.