Վարչապետ Սաատ Հարիրի ուրբաթ 13 հոկտեմբերին այցելեց Վատիկան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանչիսկոս պապին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, Վատիկանի հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի վրայ Սուրիոյ տագնապին ունեցած ազդեցութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ Ֆրանչիսկոս պապէն խնդրած է այցելել Լիբանան` շեշտելով, որ անոր այցելութիւնը պիտի ըլլայ ի նպաստ Լիբանանի, շրջանին եւ քրիստոնեաներուն:
Հարիրի նշեց, որ պապը ըմբռնում ցուցաբերած է Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակին նկատմամբ` աւելցնելով, որ ինք խնդրած է պապէն Լիբանանը մնայուն կերպով Պատգամի երկիր նկատել:
Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Վատիկանի ընդհանուր քարտուղար գերապայծառ Փեթրօ Փարոլինի հետ: Հանդիպումէն ետք, անդրադառնալով Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին, Հարիրի յայտնեց, որ Վատիկան իր ներդրումը պիտի ունենայ տեղահանուածներու թղթածրարին լուծման մէջ:
Ան աւելցուց, որ հարցը սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը չէ, այլ` անոնց տունդարձը ապահովելու յարմարագոյն միջոցներուն տրամադրումը, ինչպէս նաեւ տեղահանուածները Սուրիոյ մէջ ապահով վայրեր փոխադրելու անհրաժեշտութիւնը:
Հարիրի կարեւոր նկատեց նաեւ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակի հարցին լուծումը` աւելցնելով, որ պատահածը մեծ խնդիր մը չէ եւ շուտով կարելի պիտի ըլլայ լուծել զայն:
«Պապը ծանօթ է ժողովուրդին հանդէպ իր տածած սիրով եւ անոր քարիզմային շնորհիւ շատեր խաղաղութիւն կը գտնեն, հետեւաբար կը փափաքիմ Ֆրանչիսկոս պապը Լիբանանի մէջ տեսնել», ըսաւ ան:
Հարիրի ընդգծեց, որ Լիբանանի քաղաքական իշխանութիւնները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն պահպանելու միջլիբանանեան փոխըմբռնումը, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն երկիրը կ՛առաջնորդէ դէպի ապահով ափեր:
«Մենք իսկական կամք ունինք Լիբանանը հասցնելու խաղաղութեան եւ կայունութեան: Իսկ պապը շեշտեց, որ Լիբանանը կարեւոր է իրեն համար` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ պէտք է պահպանենք ազգային միասնականութիւնը, որովհետեւ Լիբանանը շրջանին մէջ օրինակելի երկիր է», շեշտեց Հարիրի:
Նշենք, որ Վատիկանի մէջ Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:
Հանդիպումէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ համաձայնութիւն մը գոյացած է` սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը լուծելու առումով: Ան շեշտեց, որ այս իմաստով պիտի կազմուի յանձնախումբ մը, որ պիտի փնտռէ լուծումներ:
Հարիրի ընդգծեց, որ Լիբանան համեմատաբար փոքր երկիր է, եւ իր պարտականութիւնն է Լիբանանը վտանգներէ հեռու պահել:
Քաղուած «Ազդակ» էն
All the contents on this site are copyrighted ©. |