2017-10-14 09:03:00

Թրամփ Իրանի նկատմամբ իր նոր ռազմավարութիւնը յայտարարեց


Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, թէ Ուաշինկթըն չի կրնար հաստատել, որ Իրան յանձնառու է Վեցեակի հետ կնքուած համաձայնագիրին:

Ան Իրանի հետ համաձայնագիրը նկատեց «Ամերիկայի ստորագրած վատագոյն համաձայնագիրը»` աւելցնելով, որ Թեհրան «երկու անգամ չյարգեց հիւլէական համաձայնագիրը»:

Թրամփ յայտնեց, որ եթէ Քոնկրեսին ու դաշնակիցներուն հետ աշխատանքի ճամբով լուծումի հասնիլ կարելի չըլլայ, Ուաշինկթըն «պիտի հրաժարի հիւլէական համաձայնագիրէն»:

Ան յայտարարեց իր նոր ռազմավարութիւնը «Իրանի` կայունութիւնը քայքայող գործունէութեան դիմակայման, Իրանի կողմէ զէնքերու եւ հրթիռներու տարածման դէմ պայքարելու եւ Իրանի կողմէ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումը դադրեցնելու առումով»:

Ըստ Թրամփի, այս նոր ռազմավարութիւնը կը սկսի «Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի ձեռքը գտնուող ահաբեկչական գործիք» Յեղափոխական պահակագունդին դէմ խիստ պատժամիջոցներու հաստատումով, որովհետեւ, ըստ Թրամփի, անիկա «ահաբեկչութիւնը ֆինանսաւորեց, սուրիացի բռնատէրը զինեց, խմբաւորումներուն հրթիռներ տրամադրեց եւ Ուաշինկթընի մէջ պայթում մը ծրագրեց»:

Ան շեշտեց, որ ամերիկեան վարչակազմը «պէտք է դաշնակիցներուն հետ աշխատի հիւլէական համաձայնագիրին մէջ կարգ մը սխալներ սրբագրելու համար»` աւելցնելով, որ համաձայնութիւնը «Իրանին տնտեսական ու քաղաքական կեանքի երակ տրամադրեց»:

Թրամփ յայտնեց, որ իրանեան վարչակազմը արմատական եւ ծայրայեղական է, եւ աշխարհի վրայ քաոս ու ահաբեկչութիւն կը տարածէ, ինչպէս նաեւ կը բռնաճնշէ իր ժողովուրդը եւ կանաչ յեղափոխութեան ընթացքին բռնարարքներ գործեց»:

«Իրանեան վարչակարգը կ’աջակցի Ասատի վարչակարգին եւ համաձայն գտնուեցաւ անոր կողմէ քիմիական զէնքի օգտագործման ու կը շարունակէ Միջին Արեւելքի մէջ տագնապներ հրահրել», ըսաւ Թրամփ:

Նախքան այդ, Սպիտակ տան մամլոյ ծառայութիւնը հրապարակեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Իրանի նկատմամբ որդեգրած նոր ռազմավարութեան հիմնական կէտերը:

Առաջին կէտը կ՛ազդարարէ. «Իրանի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու նոր ռազմավարութիւնը ուղղուած է Իրանի կառավարութեան ապակայունացնող ազդեցութեան չէզոքացման եւ անոր նախայարձակութեան զսպման»:

«Մենք պիտի աշխուժացնենք աւանդական դաշինքները եւ շրջանային գործընկերութիւնները` իբրեւ պատուար Իրանի քայքայիչ գործունէութեան դէմ, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ ուժերու հաւասարակշռութեան վերականգնման համար», կը նշուի ռազմավարութեան երկրորդ կէտին մէջ:

Երրորդ կէտը հակազդեցութիւն կը նախատեսէ Յեղափոխական պահակագունդին, «անոր չարամիտ գործողութիւններուն ֆինանսաւորման»: «Մենք պիտի միաւորենք միջազգային ընտանիքը Յեղափոխական պահակագունդին կողմէ մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներուն դատապարտման համար», նշուած է մէկ այլ կէտի մէջ: Մնացեալ երկու կէտերը կը վերաբերին իրանեան «թեւաւոր հրթիռներու եւ անհամաչափ այլ զէնքի» կողմէ Միացեալ Նահանգներուն ու անոնց դաշնակիցներուն սպառնալիքի հակազդման, ինչպէս նաեւ հիւլէական զէնք ստանալու իրանեան վարչակարգի բոլոր փորձերու կասեցման:








All the contents on this site are copyrighted ©.