2017-10-13 13:47:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Լիբանանի Վարչապետ՝ Սաատ Հարիրիին հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած մէկ հաղորդագրութիւնը կը տեղեկացնէ թէ «այսօր առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Լիբանանի հանրապետութեան վարչապետ՝ Տիար Սաատ Ռաֆիք Հարիրիին, որ ապա հանդիում ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը գերապայծառ Փոլ Կալլակէր։

Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող զանազան հարցեր ու Միջին Արեւելքի մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումները։ Գնահատանք արտայայտուեցաւ ի տես Երկրին կայունութեան ամրապնդումին, մաղթանք յայտնելով որ Երկրին տարբեր քաղաքական ուժերու միջեւ իրագործուի աւելի պտղաբեր համագործակցութիւն, ի նպաստ համայն Երկրին հասարակաց բարիքին։

Գնահատուեցաւ նաեւ Լիբանանի կողմէ գաղթականներու հիւրընկալութիւնը եւ ընդգծուեցաւ հարկաւորութիւնը տարածաշրջանը յուզող  հակամարտութիւններուն համար գտնել արդար ու համընդհանուր լուծումներ։ Ի վերջոյ շեշտուեցաւ միջ-մշակութային ու միջ-կրօնական երկխօսութեան կարեւորութիւնը ու քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու միջեւ համագործակցութեան արժէքը խթանելու համար խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը, յատկապէս մատնանշելով Երկրի կեանքին մէջ Եկեղեցւոյ պատմական ու կառուցային դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ Քրիստոսներու Միջին Արեւելիքի մէջ ներկայութեան կարեւորութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.