2017-10-13 13:13:00

Վանական աւանդութիւնը Հայոց պատմութեան հոլովոյթին


Նախորդ հաղորդումին մէջ լսեցինք Յովհաննէս Մանդակունի Հայրապետին խօսքերը՝ ընդունելի եւ ոչ ընդունելի աղօթքի մասին։ Յովհաննէս Մանդակունի աղօթողը կը ներկայացնէ դատապարտեալի մը վիճակով, որ կանգնած Աստուծոյ՝առջեւ՝ ներում եւ թողութիւն կը խնդրէ։ Ան, Աստուածաշունչէն կը յիշէ բազմաթիւ օրինակներ, ուր մարդիկ ընդունած են իրենց խնդրանքը։ Հայրապետը կը յորդորէ հետեւիլ անոնց օրինակին եւ խոնարհութեամբ ու վստահութեամբ աղօթել Աստուծոյ։ Հետեւեալ տողերուն մէջ, Յովհաննէս Մանդակունի կը խօսի ոչ ընդունելի աղօթքի մասին, յատկապէս անդրադառնալով աղօթողի մօտ ուղիղ դիտաւորութեան բացակայութեան եւ արտաքին անվայել կեցուածքին վրայ։ Հայրապետի խօսքերէն կը հետեւցնենք, թէ այդ յորդորները եւ յանդիմանութիւնները ուղղուած են աշխարհական հաւատացեալներու։ Որքա´ն առաւել եւս անոնք պիտի արժէին կրօնաւորներու եւ վանականներու համար։ Կրօնաւորներու մասին, զոր օրինակ Եղիշէ վարդապետի մօտ, կը կարդանք թէ անոնք ինչպիսի´ խոնարհ սրտով ու հոգիով կը փութան աղօթքի, ինչպիսի´ խոնարհ կեցուածքով կը կատարեն իրենց աղօթքները։ Անոնց մօտ ահա այս գիտակցութիւնն է, որ կը նկարագրէ Յովհաննէս Մանդակունի՝ այսինքն գիտակցիլ անձի մեղսականութեան եւ մեղանչած ըլլալուն, եւ թողութիւն ընդունելու յոյսով եւ վստահութեամբ՝ դիմել Աստուծոյ։

Շարունակելով մեծ Հայրապետի տողերը, կը կարդանք՝ «Սատանան իմանալով այս ամէնը (այսինքն ընդունելի աղօթքի պայմաններն ու վիճակը), կʼերթայ կը մօտենայ անոր, որ կʼուզէ աղօթել, եւ նախ մահիճին մէջ կը պատերազմի անոր հետ՝ անկողնի մէջ մնալը հաճելի դարձնելով, քունը քաղցրացնելով, մարմինը ծանրացնելով՝ այս ու այն կողմ շրջիլ եւ յօրանջել կու տայ։ Աղօթողը կերպով մը կանգնելով՝ վարանելով կʼերթայ եկեղեցի եւ ներս մտնելով, կը կանգնի՝ Աստուծոյ հանդիպելու համար։ Սատանան այնտեղ ալ կը ծածկէ անոր միտքը, որպէսզի չյիշէ իր հանցանքներու բազմութիւնը եւ չիմանայ, թէ Աստուծոյ առջեւ կը գտնուի։ Արդ ան ո´չ օրհնութիւնը կը լսէ, ո´չ փառաբանութիւնները կը հասկնայ, ո´չ ալ ընթերցուածներու վարդապետութիւնները կը մտնեն անոր սրտէն ներս։ Չի հեծեծեր եւ չի հառաչեր իր մեղքերու անօրէնութիւններուն վրայ, չի լար եւ չի ողբար իր հոգիի վիրաւորուածութեան վրայ, չի հառաչեր եւ չի խնդրեր Աստուծմէ, եւ արտասուալից պաղատանքներով չի հաշտեցներ Տէրը՝ խոստովանելով իր չարիքներու բազմութիւնը եւ յայտնելով իր անօրէնութեան ծածկուած դէզերը՝ որպէս զի փրկուի ահեղ տանջանքներէն եւ անլոյս խաւարէն։ Փոխանակ լալու եւ պաղատելու, մեծ աներկիւղածութեամբ եւ արհամարհանքով ենք Աստուծոյ առջեւ եւ չենք աղաչեր ու պաղատիր պատկառանքով, ահով ու դողով, ինչպէս դատապարտուածները՝ դատաւորներու առջեւ, եւ կամ ինչպէս մեղաւոր ծառաները, որոնք իրենց տէրերու ոտքերուն առջեւ կʼաղաչեն մեծ երկիւղով եւ կը խնդրեն պաղատանքներով։ Ո´չ հեծեծանքներով, հառաչանքներով եւ ողորմագին ողբերով կʼարտասուենք մահապարտներու պէս, զորոնք քաշելով կը տանին չարչարանքներու տեղը, եւ ո´չ ալ քուրձով, մոխիրով եւ մեծ սուգով կʼիյնանք Ատուծոյ առջեւ՝ որպէսզի փրկէ մեզ բորբոքեալ գեհէնէն եւ սաստիկ տանջանքներէն, որդերու չարութենէն եւ անլոյս խաւարէն։

Եւ արդ, ո´չ միայն ահով ու խանդաղատագին աղաչանքներով չենք կանգնիր Աստուծոյ առջեւ՝ աղաչելու եւ խնդրելու վէրքերու բժշկութիւն, այլ  եւ աղօթքներու եւ պաղատանքներու ժամանակ ուր մեղքերու թողութիւն կը խնդրենք՝ կը լուացուինք, կʼօծուինք եւ կը զարդարենք մեր հանդերձները, կարծես թէ կը պատրաստուինք երթալ բոզանոց կամ թատերախաղերու։»

Այստեղ Յովհաննէս Մանդակունի կը նկարագրէ եւ կը թուարկէ այն անպարկեշտ եւ անվայել կեցուածքները, որոնք հաւատացեալներ կը ցուցաբերեն եկեղեցւոյ մէջ, եւ կը շարունակէ՝«Անոնք արժանի են փայլակի, կայծակի եւ հուր շանթերու ... այն պատճառով, որ աղօթքներու ժամանակ պիղծ ցանկութիւններ ունեցան իրենց սրտին մէջ։ Ով թշուառական, եկած ես հեծեծելու եւ Աստուծոյ պաղատելու, արցունք թափելու եւ խնդրելով ողբալու, հայցելու, հառաչելու եւ թողութիւն խնդրելու, իսկ այժմ ա՞յդ է խնդրողիդ կերպարանքը՝ որ կը զարդարուիս, կʼօծուիս եւ կը լուացուիս ի տես քեզի նայողներուն. ա՞յդ է կերպարանքը հայցողիդ եւ մեղքերու թողութիւն խնդրողիդ՝ որ կʼանառականաս, կը հաճոյանաս եւ պիղծ ցանկութեամբ ակնարկներ կը նետես. ա՞յդ է կերպարանքը Տէրը քու չարիքներուդ պատճառաւ հաշտեցնողիդ՝ որ ցանկութեան ախտով լի բոզահոմանիներ՝ քու գեղեցկութիւնդ եւ հասակդ զննե՞ն։ Ինքդ քեզ կը սատանայացնես եւ կʼաղաչես փրկուիլ սատանայէն. դուն քու կամքով կը դիւահարիս, եւ կը խնդրես փրկուիլ դեւերէն։ Ինչպէ՞ս կարող ես այդպիսի կերպարանքով հեծեծել Աստուծոյ առջեւ, եւ կամ ինչպէ՞ս կարող ես այդպիսի խորհուրդներով հառաչել։ Նաեւ համարձակեցար Աստուծոյ առջեւ զազրելի մտքով եւ սատանայական կերպարանքով մտնել եւ պոռնկանոց դարձնել Աստուծոյ Եկեղեցին։ Չե՞ս սոսկար ու դողար սրբութիւն սրբոցէն եւ Աստուծոյ ահեղ դէմքէն։ Միթէ չե՞ս գիտեր, որ Սրտագէտը կը քննէ քու խորհուրդներդ եւ գիտէ ամէն բան. միթէ չե՞ս լսած, թէ Ան պիտի դատէ մտքերը եւ հաշիւ պիտի պահանջէ անամօթ հայեացքներու համար։ Եւ այժմ զգաստացիր եւ հեռու վանէ քեզմէ կեղծաւորական մտքերուդ խաբէութիւնն ու պաճուճանքներդ, ապա միայն մտիր Աստուծոյ առջեւ եւ լսէ։ Երբ մահուան դատապարտուածները կը մտնեն թագաւորներու մօտ, չեն մտածեր զարդարուելու մասին, այլ խնդրանքներ ու պաղատքնքներ մատուցանելու։ Երբ վիրաւորները հիւանդանոց կը մտնեն, զանազան բաներու մասին չեն մտածեր, այլ միայն վէրքի համար դեղ որոնելու եւ ցաւերը բժշկելու։ Այդպէս ալ մեղքերով վիրաւորին եւ անօրէնութիւններով հիւանդացածին եկեղեցի մտնելու ժամանակ պաճուճանքներ ու պիղծ խորհուրդներ պէտք չեն, եւ ո´չ ալ օծուիլ եւ մազերը հիւսել պէտք է աղօթելու եւ Աստուծոյ պաղատելու ժամանակ։ Այլ պէտք է նեղել մարմինը, մաքրել խորհուրդները եւ նուաստ կերպարանքով, բեկուած սրտով, խոնարհ անձով մտնել, կանգնիլ Աստուծոյ առջեւ եւ բազում պաղատանքներով ողբալ ու դառնապէս լալ, անդադար հեծութեամբ աղաչել ու խնդրել, կուրծքը բախել, ձեռքերը տարածել, արցունքներ հոսեցնել՝ նեղեալ սրտով, անհամարձակ լեզուով, ամօթալից երեսով, ողբալի ձայնով խոստովանիլ չարիքները, խանդաղատելի խօսքերով հաշտեցնել Աստուած եւ մեղքերու թողութիւն ստանալ։»








All the contents on this site are copyrighted ©.