2017-10-13 08:04:00

Մանուկ Յիսուս մանկաբուժարանի նեցուկը Սուրիոյ առողջապահութեան համակարգին։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 11 հոկտեմբերին Հռոմի մէջ, Առողջապահութեան Միջազգային Կազմակերպութեան եւ Մանուկ Յիսուս մանկական հիւանդանոցի միջեւ կայացած է համագործակցութեան համաձայնութիւն մը, որուն նպատակն է նեցուկ կանգնիլ Սուրիոյ առողջապահութեան համակարգին, բարելաւելու համար մասնագիտական ծառայութիւնը մանուկներու եւ չափահասներու համար։

Համաձայնութիւնը կը նախատեսէ Դամասկոսի Ալ-Մուասսաթ համալսարանի հիւանդանոցին մանկաբուժական բաժնի սրտաբանութեան եւ անօթաբանութեան մասնագիտական եւ հիւանդապահական անձնակազմի կազմաւորման այժմէականացումը, նպատակ ունենալով ապագային ընդլայնել այս ծրագիրը այլ մանկաբուժական բաժանմունքներու հետ, որոնք Սուրիոյ Լաթաքիայի եւ Հալէպի աշխարհագրական զանազան մարզերու մէջ կը գործեն՝ առողջապահական եւ կրթական նախարարութեան կառավարութեամբ։ Ծրագիրը նախատեսուած է երեք տարուան համար։

«Այս ծրագիրը քայլ մըն է դէպի սուրիական առողջապահական համակարգի կարողութիւններու ուժեղացումին, որոնք արձանագրած են ուժգին վատթարացում՝ ամբողջ երկրի տարածքին, վեց տարուան տագնապէն ետք» ըսած է Առողջապահական Միջազգային Կազմակերպութեան ներկայացուցիչը՝ Էլիզապեթ Հոֆ։ «Բժիշկներու եւ հիւանդապահներու ձեռնհասութեան բարելաւումը մանկաբուժութեան մարզէն ներս պիտի թեթեւացնէ հիւանդ մանուկներու տառապանքները, որ տագնապի ընթացքին ժողովուրդի ամենէն աւելի վնասուած հատուածն եղած է։»

Մանուկ Յիսուս Հիւանդանոցը ունի միջազգային բազմաթիւ առաքելութիւններ։ Հիւանդանոցի նախագահ՝ Մարիելլա Էնոք ըսած է՝ «Մեր հիւանդանոցը կ՛իրականացնէ համագործակցութեան ծրագիրներ աշխարհի զանազան երկիրներուն հետ։ Վերջին երեք տարիներուն միջազգային համագործակցութիւնը աշխուժացած է եւ վերածուած է հիւանդանոցի առաքելութեան բաղկացուցիչ մասի։» Մանուկ Յիսուս հիւանդանոցի հասարակութիւնը ուշադիր է մատուցանել պատշաճ խնամք մը ոչ միայն անոնց որոնք կը դիմեն Հռոմի հիւանդանոց, այլ նաեւ այնպիսի երկիրներու մէջ որոնք ենթակայ են հակամարտութիւններու կամ բնական աղէտներու, օգնելով անոնց անձնակազմի կազմաւորումին եւ աւելի յառաջադէմ ձեռնհասութիւններու ձեռքբերումին մէջ։

Հոկտեմբեր 11ին կայացած համաձայնութեան հիման վրայ, Սուրիոյ մէջ առաջին փուլին պիտի կենդրոնացուի մարսողական ներադիտութեան եւ մանր վիրահատութիւններու եւ ճառագայթաբանական ախտաճանաչումներու եւ բուժումներու վրայ։

Հասնելու համար այս նպատակին, Մանուկ Յիսուս հիւանդանոցի մասնագէտներ մօտ ժամանակէն պիտի այցելեն Դամասկոսի երկու կառոյցները՝ կատարելու համար առաջին գնահատական մը։ Ասոր հիման վրայ պիտի զարգացուին աշխատանքային ծրագիրները ծախսերու եւ ժամկէտներու նկատմամբ։

Համաձայնութեան ստորագրութիւնը նախատեսուած է Առողջապահութեան Միջազգային Կազմակերպութեան՝ Մանուկ Յիսուս հիւանդանոցին տուած եռօրեայ այցելութեան ընթացքին։ Այս ժամանակ պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ նաեւ Փալիտօրոյի եւ Սանթա Մարինելլայի՝ արհեստական անդամներու ընդունման յաջորդող վերականգնումի բաժանմունքները՝ կատարելու համար վերականգնման կազմաւորումի ծրագրի հնարաւորութեան գնահատական մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.