2017-10-13 09:59:00

Մայր աթոռը կը շարունակէ աջակցիլ վիրաւոր զինուորներուն


«Մեծ մխիթարութիւն է որեւէ կերպով զօրավիգ ըլլալ իրենց կեանքը հայրենիքին նուիրաբերած արիասիրտ զաւակներուն, որոնց ծառայութեամբ ապահով եւ անվտանգ կը պահուին հայրենեաց սահմանները», ըսաւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, երբ կ՛ընդունէր 2016 Նոյեմբերին Ղարաբաղա-ատրպէյճանական զօրքերու սահմանագիծին վրայ, մարտական գործողութիւններու ընթացքին ծանրօրէն վիրաւորուած տասնապետ Գէորգ Տատասեանը:

Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն կը յայտնեն, որ զինուորը՝ կաթողիկոսին օրհնութեամբ ամիսներ առաջ մեկնելով Հնդկաստան, Կալկաթայի Ս. Նազարէթ եկեղեցւոյ վարչութեան աջակցութեամբ, ստացած է անհրաժեշտ բուժումը:

Վեհափառը յայտնեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը այսուհետեւ նոյնպէս պիտի շարունակէ աջակցութիւն ցուցաբերել վիրաւոր զինուորներուն‘ իրենց բուժման եւ ապաքինման հարցով:








All the contents on this site are copyrighted ©.