«Արեւելք» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Սուրիոյ Ճէզիրէ շրջանի Հայ Կաթողիկէ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հայր Անդրանիկ ծ.վրդ. Այվազեան, խօսելով Սուրիոյ Հիւսիս - Արեւելք գտնուող տարածաշրջանի մասին յայտնած է թէ «կացութիւնը բարդ է, որովհետեւ շրջանի քիւրտերը ամերիկացիներու օգնութեամբ կը փորձեն տիրանալ ոչ միայն բոլոր պետական կառոյցներուն, այլ նաեւ համայնքային դպրոցներուն եւ եկեղեցիներուն» : Այս առընչութեամբ Հայր Անդրանիկ ընդգծած է նաեւ թէ անոնք՝ առ այժմ չեն համարձակիր մօտենալ հայկական շրջաններուն , որովհետեւ քաջ գիտեն իրենց դիմաց ինչպիսի բարոյական ուժ կայ, բայց իրավիճակը կը մնայ մտահոգիչ այն առումով, որ անոնք ինքնագլուխ կը գործեն»:
Պատասխանելով ապա այն հարցումին թէ «Հայութեան ապագան վտանգուած կը տեսնէ՞ք, Գամիշլիի եւ Հասաքէի մէջ» Հայր Անդրանիկ պատասխանած է «Մենք կը փորձենք օգտակար ըլլալ մեր համայնքին: Ես ՄԱԿ-ի վեց մեծ կազմակերպութիւն կը ներկայացնեմ, եւ մենք ոչ մէկ հայ ընտանիք առանց աջակցութեան չենք ձգած: Ամէն ամիս 1000 հայ ընտանիքի սնունդ կը բաժնենք, առաւել բոլոր բժշկական խնամքներու՝ դեղերու, վիրահատութիւններու ծախսերն ալ կը հոգանք»:
All the contents on this site are copyrighted ©. |