2017-10-11 11:48:00

Քահանայապետական թուիթըրեան @Pontifex կայքը ունի 40 միլիոն հետեւորդներ։


(Ռատիօ Վատիկան) «12 դեկտեմբեր 2012-ին ՚ստեղծուած Քահանայապետական @Pontifex ինը լեզուներով հրապարակուած թուիթըրեան կայքէջի գործունէութեան հինգերորդ տարեդարձի նախօրեակին, Քահանայապետական կայքէջը գերազանցած է 40 միլիոն հետեւորդներու թիւը»։ Սոյն լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան  քարտուղարութիւնը որ կը նշէ նաեւ թէ Ֆրանչիսկոս Պապին Ինսթակրամի @Franciscus կայքը ունի 5 միլիոն օգտատէր։

Այս մասին արտայայտուելով՝ Վատիկանի հաղորդամիջոցներու քարտուղարութեան ղեկավար Գերապայծառ Տարիօ Էտուարտօ Վիկանօ, հաստատած է թէ «40 միլիոն անհատներ կը հետեւին Քահանայապետի թուիթներուն ու թէ այս կը  նշանակէ 40 միլիոն սրտեր, մտքեր եւ հրայրքներ» ընդգծելով թէ Սրբազան Պապը մեծ խնամք ունի ընկերային համացանցի վրայ իր ներկայութեան հանդէպ, եւ ուշադիր կերպով կը հետեւի բոլոր թուիթներուն։

«Սրբազան Հայրը ինքզինք կը նկատէ «մեծ հայրիկ» մը, այսինքն հեռու ճարտարարուեստի նոր նուաճումներէն, սակայն գիտէ գնահատել համացանցի ընկերութիւնները» ըսած է  Գերպ. Վիկանօ ապա մատնանշած է  թէ ինչպէս Սուրբ Հոգին Պենտեկոստէի օրը յաղթական կերպով վերացուց առաքեալներու վախը, լայն բանալով վերնատան դռները ու առաքեալները ուղարկելով աշխարհի ճանապարհներուն վրայ։

«Ներկայի այս ճանապարհները համացանցի վրայ կազմուած համայնքներ են, կոչուած social։ Ասոր պատճառով է, որ Նորին Սրբութիւնը ուշադիր է այս իրականութեան, որովհետեւ իւրաքանչիւր յարաբերութիւն կարիքն ունի խնամքի եւ ջերմացնելու սիրտը սակաւ խօսքերով» հաստատած է գերապայծառ Վիկանօ որ ընդգծած է թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը համացանցը որակած է «անհատներու, եւ ոչ թէ լարերու ցանց։»








All the contents on this site are copyrighted ©.