2017-10-11 10:26:00

«Քրիստոնէական յոյսը՝ հսկող սպասում» Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը։


«Ձեր մէջքերը թող գօտեւորուած ըլլան, ու ճրագները՝ վառուած.եւ դուք նմա՛ն եղէք այն մարդոց, որ կը սպասեն իրենց տիրոջ թէ ե՛րբ պիտի վերադառնայ հարսանիքէն. որպէսզի երբ գայ ու դուռը բախէ՝ իսկոյն բանան անոր: Երանի՜ այն ծառաներուն, որ տէրը արթուն պիտի գտնէ՝ երբ գայ: Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի թէ ի՛նք գօտին մէջքը պիտի կապէ, սեղան բազմեցնէ զանոնք, եւ առջեւ անցնելով՝ պիտի սպասարկէ անոնց:Եթէ գիշերուան երկրորդ պահուն գայ, կամ երրորդ պահուն գայ եւ այնպէս գտնէ՝ երանելի՛ են այդ ծառաները:Բայց սա՛ հասկցէք. եթէ տանուտէրը գիտնար թէ գողը ո՛ր ժամուն պիտի գայ, արթուն կը կենար ու թոյլ չէր տար՝ որ ծակէ իր տունը: Ուրեմն դո՛ւք ալ պատրաստ կեցէք, քանի որ մարդու Որդին պիտի գայ այնպիսի ժամու մը՝ որ դուք չէք կարծեր»: Ղուկաս 12, 35-38. 40

 

(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 11 հոկտեմբեր 2017-ին առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուան հրապարակային ունկնդրութիւնը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին, ի շարս բազմահազար հաւատացեալներուն, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի տարեկան լիագումար նիստին մասնակից բոլոր ժողովականները, ներառեալ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Պատրիարքները, ի շառս որոնց Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի՝ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը։

Այս առթիւ արտասանած իր ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը շարունակելով Յոյսի Մասին իր խորհրդածութիւնները անդրադարձաւ այդ յոյսի «հսկող սպասումի» ծաւալին, մէջբերելով Յիսուսի խօսքերը, քաղուած Ղուկաս Աւետարանիչէն. «Ձեր մէջքերը թող գօտեւորուած ըլլան, ու ճրագները՝ վառուած. եւ դուք նմա՛ն եղէք այն մարդոց, որ կը սպասեն իրենց տիրոջ թէ ե՛րբ պիտի վերադառնայ հարսանիքէն. որպէսզի երբ գայ ու դուռը բախէ՝ իսկոյն բանան անոր»:

«Աւետարանը կը յորդորէ ըլլալ ծառաներ որոնք միշտ արթուն կը մնան մինչեւ որ իրենց Տէրը տուն չի վերադառնայ եւ Յիսուս կը փափաքի որ մեր կեանքը ըլլայ գործունեայ, որ երբեք չի դադրինք հսկելէ՝ որպէսզի գոհունակութեամբ ընկալենք Աստուծմէ մեզի պարգեւուած ամէն մէկ օր» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ. «Ամէն մէկ առաւօտ, նոր սպիտակ էջ մըն է, որ Քրիստոնեան կը սկսի գրել բարի գործերով, Քրիստոսի երկրորդ գալստեան սպասումով։ Երբ այդ օրը հասնի քրիստոնեաներս կ՛ուզենք պատրաստ ըլլալ վառած լապտերներով, պատրաստ այդ հանդիպումին»։

«Քրիստոնեան համբերատար է եւ յոյսով լի գիտակից է թէ եթէ միացած մնայ Յիսուսին, ցուրտ օրերու դժուարութիւններն ու խաւարը պիտի փարատին որովհետեւ վստահ է թէ ապագայի մէջ կայ Քրիստոսին գալուստը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ. «Յիսուսը ճանչնալէն ետք մենք ուրիշ բան կարող չենք ընել  եթէ ոչ պատմութիւնը ապրիլ վստահութեամբ եւ յոյսով»։ 

Աստուծոյ ծրագիրը մեզի համար փրկութեան ծրագիր է, Աստուած կ՛ուզէ որ բոլոր մարդիկը փրկուին ու ճանչնան ճշմարտութիւնը, ասոր համար պէտք չէ յուսալքուինք - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով Յիսուսի խօսքերուն որ կը թելադրէ «երանի այն ծառաներուն որ Տէրը արթուն պիտի գտնէ»։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց կրկնել առաջին աշակերտներուն   աղերսը՝ «Մարանաթա», այսինքն «Եկ Տէր Յիսուս»։

Այս մէկը, ըսաւ Ան, իւրաքանչիւր  քրիստոնէական գոյութեան  կրկներգն է որովհետեւ մեր աշխարհին մէջ ուրիշ կարիք չունինք եթէ ոչ Քրիստոսի շոյանքին ու այն շնորհքին՝ դժուար օրերու ընթացքին աղօթքին մէջ ունկնդրելու Անոր ձայնը որ կ՛ըսէ «Ահա շուտով կու գամ»։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.