2017-10-10 12:13:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Փակ եւ կարծր սիրտ ունեցող մը չի հասկնար Աստուծոյ ողորմութիւնը»։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 10 հոկտեմբեր 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզը  կեդրոնացուց օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումին վրայ՝ քաղուած Յովնան մարգարէի գիրքէն,  որուն մէջ  Աստուած Յովնան մարգարէէն կը խնդրէ, որ Նինւէ քաղաքի ժողովուրդը դարձի բերէ։  Մարգարէն սակայն  առաջին անգամ կը մերժէ հնազանդիլ Աստուծոյ հրահանգին, իսկ երկրորդ՝ թէեւ դժգոհ-  Նինւէի ժողովուրդին Աստուծոյ շնորհած ներումին կը հնազանդի։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ Յովնան Մարգարէն փակ   եւ յամառ հոգի մը ունէր եւ  կարծրասիրտ մարդ մըն էր  ու կարող չէր հասկնալ ի՞նչ կը նշանակէ Աստուծոյ ողորմածութիւնը նման այն   կարծրասիրտ մարդոց , որոնք չեն գիտեր ընդլայնել իրենց սիրտերը՝ Տիրոջ նման։  Անոնք փակ եւ փոքրիկ սիրտ մը ունին,  եւ կը մոռնան թէ Աստուծոյ արդարութիւնը մարմին առաւ իր Որդոյն մէջ. անոնք կը մոռնան որ Աստուծոյ սիրտը միշտ բաց է ներողամտութեան։  

«Աստուծոյ ամենակարողութիւնը կը յայտնաբերուի յատկապէս իր ողորմածութեան եւ ներողամտութեան  մէջ».  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով  որ դիւրին չէ հասկնալ Անոր ողորմածութիւնը ու թէ  յարկ է շատ աղօթել զայն հասկնալու համար,  որովհետեւ անիկա շնորհք մըն է ։

Նորին Սրբութիւն ապա  յարեց թէ  Աստուած , Յովհնան մարգարէն չթողուց իր յամառութեան մէջ ,  զայն փրկեց,  ինչպէս փրկեց  նաեւ Նինւէի ժողովուրդը ։«Աստուած  համբերութեան Աստուած է,  որ գիտէ շոյել եւ ընդլայնել սիրտերը» Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ որ եզրափակելով իր քարոզը հաստատեց թէ  Յովհնան մարգարէին գիրքին պատգամն է՝  մարգարէութեան, ողորմածութեան ,  զղջումի եւ  յամառութեան միջեւ երկխօսութիւն։  

Ֆրանչիսկոս Պապ  ապա յորդորեց կարդալ Յովհնան Մարգարէին գիրքը, ուր կը յայտնուի թէ  ինչպէս Տիրոջ ողորմածութիւնը  սրտերը կը կերպարանափոխէ,  ապա հրաւէր ուղղեց շնորհակալութիւն յայտնել Աստուծոյ՝ անոր անհունօրէն ողորմած ըլլալուն համար։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.