2017-10-09 09:44:00

Գերապ. Քաչիա «Յիսուս այցելած է Լիբանան եւ այդ պատճառով այս երկիրը սուրբ հող է»։


Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլէ Քաչիա Լիբանանի մէջ իր առաքելութեան աւարտին առիթով Հարիսայի մէջ մատուցեց  գոհաբանական սուրբ պատարագ մը, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ նշեց, թէ Լիբանանի մէջ հաւատք գտած է:

Ան բարձր գնահատեց Լիբանանի մէջ համայնքներու եւ յարանուանութիւններու բազմազանութիւնը` զայն նկատելով իսկական գեղեցկութիւն:

Ան շեշտեց, որ ինք  կ՛աղօթէ միջքրիստոնէական միասնականութեան ամրապնդումին համար` աւելցնելով, որ Լիբանան երկխօսութեան եւ իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան երկիր է:

«Յիսուս այցելած է Լիբանան, եւ այդ պատճառով ալ այս երկիրը սուրբ հող է», ընդգծեց պապական նուիրակը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.