2017-10-09 10:02:00

Գերապայծառ Լեւոն Զէքիեան կը շեշտէ Մխիթարեան Միաբանութեան առաքելութեան կարեւորութիւնը։


Ասպարէզ- Աշխատանքային այցով շրջանս կը գտնուի Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ գեր. Լեւոն Զէքիեան:

Ան իր այցելութիւնը կը ծառայեցնէ հանդիպումներու եւ հաւաքներու ընթացքին ներկայացնելով Մխիթարեան միաբանութեան դիմագրաւած դժուարութիւններն ու անոր առաքելութիւնը վերանորոգելու մարտահրաւէրը:

Մտաւորական, գիտական-ուսումնասիրական եւ մանկավարժական հսկայ վաստակի տէր գերապայծառ Զէքիեանը անցեալ տարի Հռոմի պապին կողմէ նշանակուած էր Մխիթարեան միաբանութեան մօտ պապական նուիրակ, եւ այդ պարտականութենէն մեկնած՝ ձեռնարկած է միաբանութեան խնդիրներու, ներառեալ նիւթական ծանր վիճակի լուծման աշխատանքներու:

Վենետիկեան ակադեմիոյ անդամ, բազմաթիւ գիրքերու եւ մենագրութիւններու հեղինակ գերապայծառ Զէքիեան, վերջերս ելոյթ ունեցաւ «Եու.Սի.Էլ.Էյ.»ի մէջ, նոյն համալսարանի պատմութեան ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Սեպուհ Ասլանեանի կազմակերպութեամբ, ինչպէս նաեւ ներկայ եղաւ իրեն ի պատիւ տրուած երկու ճաշկերոյթ-հաւաքոյթներու. առաջինը՝ Բենօ եւ Արսինէ Շիրվանեաններու հիւրընկալութեամբ, իսկ երկրորդը՝ Պոլսահայ միութեան:

Երկու հաւաքոյթներուն ընթացքին, գերապայծառը լայնօրէն զեկուցեց Մխիթարեան միաբանութեան ներկայ վիճակին եւ հետագայ ծրագիրներուն մասին: Երկու հաւաքներուն ընթացքին նաեւ կատարուեցան ինքնաբուխ նուիրատուութիւններ, որոնք, ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն՝ անցած են քսան հազար տոլարի սահմանը:

Գերապայծառը ներկայիս կը շարունակէ լոսանճելըսեան իր հանդիպումները: Իր ծրագիրին մէջ են նաեւ այլ համայնքներու այցելութիւններ՝ նոյն նպատակին համար:

Յատուկ գնահատանքի արժանի են Բենօ եւ Արսինէ Շիրվանեանները, որոնք գերապայծառին այցելութիւնը յաջողութեամբ պսակելու գծով իրենց կարելին կ՛ընեն:








All the contents on this site are copyrighted ©.