2017-10-09 11:25:00

«Մարդը մարդուն վէրէն վար նայելու է միայն երբ անոր պիտի օգնէ». Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) «Խնամել վիրաւոր անհատները՝ բարի Սամարացիին նման» ու «շարունակել օգնութեան հասնիլ կարիքաւորին ինչպէս կը շարունակէ ընել մեզի համար Քրիստոսը». Այս եղաւ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին առանցքը։

 Ներշնչուելով օրուան աւետարանական ընթերցումէն, ուր Յիսուս կը պատմէ  բարի սամարացիին առակը որպէս պատասխան օրէնսգէտին հարցումին  թէ ի՞նչ պէտք է ընել ժառանգելու համար Երկնքի արքայութիւնը։ Յիսուս նախ անոր կը թելադրէ պահել պատուիրանները ու սիրել Աստուած եւ ընկերը իր անձին պէս, օրէնսգէտը սակայն հարց կու տայ թէ ո՞վ է իր ընկերը եւ Յիսուս անոր կը պատմէ բարի սամարացիին առակը ուր կան վեց դերակատարներ. աւազակները, վիրաւորուած մարդը, քահանան, ղեւտացին, սամարացին եւ պանդոկապետը։

Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛անդրադառնայ այդ դերակատարներէն ամէն մէկուն մասին ու յատկապէս անոնց որոնք վիրաւոր մարդուն մօտէն անցան ու անտարբերութեան կեցուածք ունեցան անոր նկատմամբ։ Վարուելակերպ մը որուն շատ անգամ վարժուած ենք, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, ակնարկելով թէ յաճախ մենք եւս անտարբերութեամբ կը նայինք իրականութեան ու ընդգծելով բարի սամարացիին գթասիրտ վերաբերմունքի վեհանձնութիւնը։

Այս մէկը, ըսաւ Սրբազան Պապը, Յիսուսին խորհուրդն է որ դարձաւ ծառայ, նուաստացաւ ու մեռաւ մեզի համար։ Ահա այս խորհուրդի ընդմէջէն է որ Յիսուս կը պատասխանէ օրէնսգէտին։ Յիսուս՝ Բարի Սամարացին է որ կը հրաւէրէ մարդը նոյնը կատարել։

Քարոզին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց պատարագի մասնակցողները լ կարդալու Ղուկաս աւետարանիչի 10-րդ գլուխը ու խոկալու անոր մասին եւ հարցադրելու. «Ես ի՞նչ կ՛ընեմ։ Ո՞վ եմ. Աւազակը, քահանան, մեղաւորը…արդեօ՞ք Յիսուսին նման կը խնամեմ  մերձաւորիս վէրքերը»։ Կարդանք այդ հատուածը, հրաւիրեց ապա Նորին Սրբութիւնը ու սորվինք թէ՝  Մարդը մարդուն վերէն վար նայելու է միայն երբ անոր պիտի օգնէ, ապա այդ աւետարանական հատուածին ընդմէջէն հասկնանք թէ՝ այնտեղ կը յայտնուի Յիսուս Քրիստոսի խորհուրդը, որ եկաւ մեզի՝ մեղաւորներուս համար, որպէսզի մեզ բուժէ իր կեանքը նուիրելով մեզի համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.