2017-10-08 12:20:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը՝ «ոճրագործ այգեպանները»։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 8 հոկտեմբեր 2017-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը եւ սովորութեան համաձայն աղօթքի ընթացքին ներկայացուց խորհրդածութիւն ներշնչուելով օրուան աւետարանական խօսքէն ուր Յիսուս «ոճրագործ այգեպաններու» առակով կ՛անդրադառնայ Աստուծոյ արքայութեան մասին։

Առակը կը խօսի հողատէրի մը մասին որ այգի մը ունէր ու զայն կը յանձնէ այգեպաններու ու կը մեկնի օտար երկիր։ Երբ այգեկութքի ժամանակը կը մօտենայ այնտեղ կը ղրկէ իր ծառաները իր բաժինը առնելու համար, սակայն չարագործ այգեպանները ետ կը մղեն զանոնք։ Հողատէրը կ՛ուղարկէ նոր եւ աւելի մեծ թիւով ծառաներ սակայն ոչ մի բան կը փոխուի։ Առ այդ ան կ՛ուղրկէ իր միակ որդին,  ոճրագործ այգեպանները սակայն կը սասանեն զինք։

Այգիին տէրը արդարեւ Աստուած է, այգին՝ ժողովուրդը, ծառաները՝ մարգարէները։ Որդին նոյնինք Յիսուսը զոր հրեաները մերժեցին ու սպանեցին։ Մարդասպան այգեգործները՝ անհաւատարիմ հրեաներն են իսկ միւս այգեգործները որոնց այգին պիտի յանձնուի հեթանոսները որոնցմով Աստուած նոր ժողովուրդ մը պիտի կազմէ։

Այս պատմութիւնը մեզի կը խօսի Աստուծոյ ու մարդկութեան միջեւ դաշինքի մասին - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ այդ դաշինքը սիրոյ պատմութիւն մըն է որ ունի իր դրական ու ժխտական երեւոյթները, ապա դիտել տուաւ  թէ Աստուած՝ մարդուն սխալներուն ու մեղքերուն  դիմաց կանգ չ՛առներ, այլ կը շարունակէ մեզի նայիլ իր անհուն ողորմութեամբ ու այդ ողորմութեան դիմաց կայ միայն մէկ արգելք՝ մեր սնապարծութիւնը- որ շատ անգամ կը դառնայ բռնութիւն։

Նորին Սրբութիւնը խրախուսեց բարի գործերով համապատասխանել Տիրոջ, որ մեզ կը կոչէ դառնալու իր այգին ու մեզի կը հասկցնէ  քրիստոնէութեան իւրայատկութիւնը՝ որ բարոյական սկզբունքներու ու չափանիշներու հաւաքածոյ մը չէ,  այլ սիրոյ առաջարկ մըն է՝ զոր Աստուած կատարեց Յիսուսի միջոցաւ։

«Մենք հրաւիրուած ենք մուտք գործել այդ սիրոյ պատմութեան մէջ դառնալով բաց եւ կենսունակ այգի, հարուստ պտուղներով եւ յոյսերով»։ Կանչուած ենք  դուրս գալու այդ այգիէն  որպէսզի մենք մեզ դնենք մեր եղբայրներու ծառայութեան տակ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Ամենասուրբ Կոյսին բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզ օգնէ դառնալու այդ այգին զոր Տէրը տնկեց բոլորին բարիքին համար։ 

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց Մարեմեան աղօթքը ապա խօսքը ուղղելով հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն վերյիշեց շաբաթ՝ 7 հոկտեմբերին Միլանի մէջ երանելի հռչակուած Հայր Արսենիօ Տա Թրոկոլոն, հայցելով անոր բարեխօսութիւնը, ապա ողջունեց հրապարի վրայ գտնուող զանազան վայրերէն ժամանած ուխտաւորներու խումբերը, հուսկ բարի կիրակի մաղթեց բոլորին, խնդրելով որ բարեհաճին աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.