2017-10-08 10:54:00

Դ. Կիրակի զկնի Խաչի «Ես ալ ձեզի չեմ ըսեր թէ ինչ իշխանութեամբ կ՛ընեմ ասիկա»


         Այսօրուայ աւետարանի հատուածին մէջ կը լսենք թէ ինչպէս դպիրներն ու ծերերը Յիսուսի իշխանութիւնը հարցաքննութեան կ՛ենթարկեն իմանալու համար թէ ի՞նչ իշխանութեամբ կը կատարէ այս բաները` այսինքն նախապէս մի քանի ժամ կամ օր առաջ տաճարին մաքրագործումը առուտուր ընողներէն, տաճարին մէջ հրաշք եւ բուժումներ կատարելը եւ վերջապէս` ուսուցումը եւ քարոզ կարդալը սոյն տաճարին մէջ:

         Հետեւաբար, հասկնալու համար հրեայ մեծամեծներուն հարցաքննութեան պատճառը պէտք է յստակացնել հետեւեալ տարբերակը տաճարի եւ ժողովարանի միջեւ որոնք նոյն պաշտօնը չունին:

         Ժողովարանը` հրեայ մեծամեծներուն տունն է: Այդ տունը ուր կը սերտուի, կ՛ուսումնասիրուի եւ կը բացատրուի Ս. Գիրքը: Ժողովարանին մէջ աշխարհական դասը իրաւունք ունէր իր միջամտութիւնը, իր բացատրութիւնը, իր կարծիքը յայտնելու Սուրբ Գիրքի հատուածներուն վերաբերեալ:

         Քրիստոս իր առաքելութիւնը այսինքն` բուժելը, հրաշք գործելը, քարոզելը եւ ուսուցանելը կը կատարէ Երուսաղէմի տաճարին մէջ, եւ տաճարը հրեաներուն մօտ Աստուծոյ բնակարանն է, որուն մէջ կը կատարուին անասուններուն զոհաբերումը եւ ուրիշ կրօնական արարողութիւններ, զորս նախատեսած է Մովսիսական օրէնքը: Տաճարին մէջ միայն դպիրները իրաւունք ունէին կրօնական արարողութիւնները եւ աղօթքները կատարելու: Հետեւաբար, քարոզել եւ ուսուցանել տաճարին մէջ Յիսուսի կողմէ կը նշանակէ խախտում հրէական օրէնքին, որ մի միայն քահանայապետերուն եւ դպիրներուն իրաւասութիւնն էր:

         Քահանայապետերուն, դպիրներուն եւ ծերերուն զայրոյթը տեղին է, բայց ոչ Յիսուսին հանդէպ: Անոնց հարցաքննութեան մէջ նենգութիւն մը կայ, որով կ՛ուզէին Յիսուսը սխալի մատնել: Հարցաքննել Քրիստոսի իշխանութիւնը կը նշանակէ` չընդունիլ Քրիստոսի մէջ Աստուածային իշխանութիւնը: Հարցաքննել Քրիստոսի իշխանութիւնը կը նշանակէ` ժխտել Յովհաննէս Մկրտիչի մարգարէ ըլլալը: Հարցաքննել Քրիստոսի իշխանութիւնը կը նշանակէ` գայթակղեցնել ամբողջ հրեայ ժողովուրդը, որ կը հաւատար թէ Յովհաննէս Մկրտիչ Մարգարէ մըն է, Աստուծմէ ղրկուած` Տիրոջ ճանապարհը պատրաստելու համար: Հարցաքննել Քրիստոսի իշխանութիւնը, վերջապէս, կը նշանակէ` ժխտել Յովհաննէս Մկրտիչի երկնային մկրտութիւնը: Եւ ժխտելով անոր մկրտութիւնը անոնք մերժած կ՛ըլլային Քրիստոսի մկրտութիւնը, որուն ընթացքին Աստուած յայտնեց իր սիրելի Որդին «Դու ես իմ սիրելի Որդին, եւ ես այսօր քեզ ծնայ»:

         Յիսուս լաւ գիտեր որ քահանայապետերը, դպիրները եւ ծերերը իրենց փոխադարձած հարցումին «չենք գիտեր» պիտի պատասխանէին, որովհետեւ համոզուած էր որ անոնք եթէ Յովհաննէսի վկայութիւնը իր մասին չ՛ընդունեցան, թէեւ Յովհաննէս իրենց համար մեծ մարգարէ մըն էր, ինչ մնաց որ անոնք հաւատային իր բերնէն ելած վկայութեան: Ասոր համար Յիսուս խուսափեցաւ անոնց ըսելէ թէ ի՛նչ հեղինակութեամբ կը կատարէր իր առաքելութիւնը:

         Այսօրուայ աւետարանի հատուածը մեզի կը սորվեցնէ թէ կեանքի մէջ, ի՛նչ ասպարէզի մը մէջ ալ գտնուինք միշտ ենթարկուած ենք քննադատութեան եւ հարցաքննութեան. «Ո՞վ ըսաւ որ ընես ասիկա», «Ինչո՞ւ ըրիր» եւ այլն... նամանաւանդ եթէ յաջողինք ասպարէզի մը մէջ եւ մարդիկը սիրաշահինք: Այսօր ամենէն դիւրին միջոցը մէկու մը վնաս հասցնելու` քննադատելն է: Իսկ ամէնէն դժուարը` ինքզինք սրբագրելը:

         Բայց կեանքի միւս երեսը կայ, երբ հեղինակութիւնը եւ իշխանութիւնը կ՛օգտագործենք մեր շահերուն համար. Գերի կը դառնանք այդ իշխանութեան. եւ ամէն միջոց կ՛օգտագործենք այդ իշխանութեան հասնելու համար: Նոյնիսկ պատրաստ կ՛ըլլանք մարդիկը նուաստացնելու, որպէսզի մեր փառքը բարձրանայ: Մենք ուրեմն, ո՞ր տեսակ իշխանութիւնը ունինք. ծառայելո՞ւ կամ ծառայեցնելո՞ւ, օգնելո՞ւ թէ շահագործելո՞ւ, մարդիկը ազնուացնելո՞ւ եւ դաստիարակելո՞ւ, թէ խոնարհեցնելո՞ւ եւ նուաստացնելո՞ւ: 

         Քրիստոսէն սորվինք ուրեմն թէ ինչպէս մաքուր դիտաւորութեամբ օգտագործել մեր իշխանութիւնը, յիշելով միշտ հետեւեալ խօսքը Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին թէ. «ճշմարիտ իշխանութիւնը ծառայութեան մէջ է»: Եղէ՛ք ծառայողներ եւ ոչ ծառայեցնողներ: Ամէն        








All the contents on this site are copyrighted ©.