2017-10-07 09:47:00

Նախագահ Սարգսեան ընդունած է Մինսքի Խմբակի համանախագահները։


Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսիա), Էնտրու Շոֆըրը (Միացեալ Նահանգներ), Սթեֆան Վիսքոնթին (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը:

Զրուցակիցները քննարկած են ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթը յառաջ մղելու կարելիութիւնները, որոնց կարգին` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումին կազմակերպման վերաբերեալ հարցերը, անդրադարձած ղարաբաղեան տագնապի գօտիին մէջ տիրող իրավիճակին:

Հանդիպումին մասնակիցները կարեւոր նկատած են տագնապի խաղաղ լուծման ուղղուած յանձնառութիւններու կողմերուն հաւատարմութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.