2017-10-07 09:51:00

Ռայի պատրիարք. «Լիբանան այլեւս չի կրնար հանդուրժել տեղահանուածներու թղթածրարին հետեւանքները»


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ հովուապետական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Հռոմ եւ Միացեալ Նահանգներ:

Պէյրութի միջազգային օդակայանէն կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանան այլեւս չի կրնար հանդուրժել տեղահանուածներու թղթածրարին հետեւանքները, որովհետեւ ան արդէն իսկ տնտեսական եւ ապրուստի տագնապ կը դիմագրաւէ, ինչպէս նաեւ արտագաղթի հոսքը հետզհետէ աւելի կը շեշտուի:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ սուրիացի տեղահանուածները քաղաքական եւ յարանուանական շահագործումի ենթարկելու իմաստով հսկայական վտանգ գոյութիւն ունի: «Տեղահանուածները կրնան շահագործուիլ նաեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողմէ», հաստատեց Ռայի պատրիարքը:

Ան ընդգծեց տեղահանուածներու տունդարձին գծով խնդրոյ առարկայ անձնաւորութիւններուն հետ գործակցելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ պէտք է գիտնալ, թէ քաղաքական եւ ռազմավարական հարցերու միջեւ տարբերութիւններ կան, եւ թէ որոշ հարցեր Լիբանանի դէմ հսկայ վտանգներ կը նկատուին:








All the contents on this site are copyrighted ©.