2017-10-06 11:35:00

Ֆրանչիսկոս Պապ «Չարախօսութիւնը՝ սրտի պատերազմ է ուրիշը կործանելու համար»


(Ռատիօ Վատիկան)  Ուրբաթ, 6 հոկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան,  Ֆրանչիսկոս Պապ առօրեայ  Պատարագը մատուցեց  Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ եւ այս առթիւ  արտասանած քարոզը կեդրոնացուց օրուան սուրբ գրային ընթերցումին վրայ ՝ քաղուած Պարուք մարգարէէն,  ուր մարգարէն կը խօսի մեղքի մասին, զայն նկատելով Աստուծոյ օրէնքին հանդէպ  անհնազանդութեան արարք,։

Ոչ մէկը կարող է ըսել ես արդար եմ -Բոլորս մեղաւորներ ենք , եւ  գրեթէ  բոլորիս  առաջին անունը եղած է «մեղաւորներ» ըսաւ  Նորին Սրբութիւնը խօսելով մեղքի մասին ու բացատրեց մեղաւոր ըլլալու պատճառները. «Անհնազանդ գտնուեցանք  Տիրոջ նկատմամբ ։  Տէրը բան մը ըսաւ մեզի եւ մենք ուրիշ բան մը կատարեցինք։  Մենք Աստուծոյ ձայնին մտիկ չ՝ըրինք» ։ «Տէրը խօսեցաւ  մեր հարազատներուն,  ընտանիքին, կրօնուսուցիչին հետ ու մենք մտիկ ըրինք այն  Խօսքին, որ մեզի կըսէր «քալէ  իմ  տուած պատուիրաններուս համաձայն » սակայն մենք ապստամբեցանք Տիրոջ՝ մեր Աստուծոյ հրահանգներուն եւ ահա այս է մեղքը, մեղքը ընդվզում եւ յամառութիւն է ։ Ան միշտ քէշ բան մըն է ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով նաեւ թէ Մեղքը կը կործանէ կեանքը, սիրտն ու հոգին։ Ան մեզ կը տկարացնէ եւ կը հիւանդացնէ։  

Քարոզը եզրափակելով Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց  բազմաթիւ սխալ հակումներուն,  որոնց թիրախ կը դառնանք Տիրոջ մեզի ցոյց տուած ճանապարհի ընթացքին եւ ասոնց շարքին նշեց  «բամբասանքն ու  չարախօսութիւնը» հաստատելով թէ  չարախօսութիւնը սրտի պատերազմ  է ուրիշը քանդելու համար։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.