2017-10-06 09:21:00

Հաւանական է եւրոպական միութեան հետ համաձայնագիր կնքել


Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Եւրոպական Միութեան  Խորհուրդի Քաղաքական եւ անվտանգութեան հարցերով կոմիտէի պատուիրակութիւնը` կոմիտէի նախագահ Վալթըր Սթիւընսի գլխաւորութեամբ: Պատուիրակութեան կազմին մէջ էին Պրիւքսելի մէջ հաւատարմագրուած Եւրոպական Միութեան 28 երկիրներէ դեսպաններ եւ կոմիտէի ներկայացուցիչներ:

Այցելութեան նպատակն է` քննարկել Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն  յարաբերութիւններու ընթացքն ու հեռանկարները` նոր շրջանակային համաձայնագիրի բանակցութիւններու աւարտին լոյսի տակ, ծանօթանալ իրավիճակին, ինչպէս նաեւ անդրադառնալ Արեւելեան գործընկերութեան յառաջիկայ վեհաժողովի օրակարգային հարցերուն, միտքեր փոխանակել Հարաւային Կովկասի շրջանի ընդհանուր քաղաքական եւ անվտանգութեան խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու  շուրջ:

Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է հիւրերը եւ կարեւոր նկատած է նման ձեւաչափով հանդիպումներն ու քննարկումները, որոնք, նախագահին համոզումով, լաւ կարելիութիւն են անմիջականօրէն քննարկելու երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր հարցերը:

Եւրոպական Միութեան Խորհուրդի Քաղաքական եւ անվտանգութեան հարցերով կոմիտէի նախագահը ընդգծած է, որ Եւրոպական Միութիւնը մեծ կարեւորութիւն կու տայ Արեւելեան գործընկերներու, այդ կարգին` Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն եւ ուրախ է, որ Հայաստանը նախաստորագրած է Միութեան հետ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը, ինչ որ, ըստ անոր, ցոյց կու տայ, որ կարելի է Եւրոպական Միութեան հետ համաձայնագիր կնքել եւ  զարգացնել փոխադարձ գործակցութիւնը` ըլլալով Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ: Ան շեշտած է, որ միութեան կողմէ Արեւելեան գործընկերութեան շրջագիծին մէջ իրականացուող քաղաքականութիւնը  որեւէ մէկուն դէմ ուղղուած չէ:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման` Վալթըր Սթիւընս ընդգծած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՛աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.