2017-10-06 09:12:00

Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիա եպիսկոպոսը


Հինգշաբթի, 5 հոկտեմբեր 2017-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիա եպիսկոպոսը, որուն կ՛ընկերանար անոր փոխանորդը: Պապական նուիրակը եկած էր Լիբանանին մէջ իր ութ տարիներու ծառայութեան աւարտին, եւ իր նոր պաշտօնատեղին` Ֆիլիփեան կղզիներ մեկնելէն առաջ, վեհափառ հայրապետին իր բարեմաղթութիւնները ներկայացնելու:

Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ, որ անդրադարձ կատարուի Լիբանանի այժմու կացութեան, Միջին Արեւելքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Վատիկանի միջեւ տակաւ աճող գործակցութեան: Արամ Ա. կաթողիկոս իր բարձր գնահատանքը յայտնեց պապական նուիրակին Լիբանանի մէջ կատարած ծառայութեան եւ իր բարեմաղթութիւնները ներկայացուց անոր առջեւ բացուող նոր առաքելութեան գծով: Վեհափառ հայրապետը միաժամանակ շեշտեց Վատիկանի ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան պահպանման եւ քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան ամրապնդման ծիրին մէջ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.