2017-10-06 08:03:00

142 երկիրներ համաձայնեցան աջակցելու ՄԱԿ-ի բարենորոգման


Միացեալ Նահանգներ, Գերմանիա, Բրիտանիա, Քանատա, Ճափոն, ինչպէս նաեւ 137 այլ երկիրներ ՄԱԿ-ի բարենորոգման աջակցութեան հռչակագրին մէջ յայտարարած են Համաշխարհային կազմակերպութեան համակարգին մէջ շօշափելի փոփոխութիւններու իրականացման իրենց օժանդակութեան մասին եւ կազմակերպութեան ղեկավար Անթոնիօ Կութիերեսին կոչ ուղղած են գլխաւորելու բարենորոգումը: Տասը կէտերէ բաղկացած փաստաթուղթին բնագիրը զետեղուած է ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական ներկայացուցչութեան կայքին վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»:

«Մենք կ՛աջակցինք ընդհանուր քարտուղարին ՄԱԿ-ի համակարգին մէջ շօշափելի փոփոխութիւններու իրականացման գործին մէջ, որոնք նպատակաուղղուած են մարդասիրական օժանդակութեան, զարգացման եւ խաղաղ նախաձեռնութիւններու օժանդակութեան հարցերու գծով վերջինիս աշխատանքի համակարգման բարելաւման», նշուած է փաստաթուղթի կէտերէն մէկուն մէջ:

«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ վերջերս, Միացեալ Նահանգներու նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է բարձր մակարդակի նիստ` նուիրուած ՄԱԿ-ի բարենորոգման: Նիստին մասնակցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, որ աջակցութիւն յայտնած է կազմակերպութեան բարենորոգման բնագաւառին մէջ ընդհանուր քարտուղարի ջանքերուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.