2017-10-05 16:01:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 5 հոկտեմբերի քարոզը. Վերագտնել արմատները։


(Ռատիօ Վատիկան)  «Այն անձը որ կը վերագտնէ իր յատուկ արմատները ուրախ մարդ  կը նկատուի,  մինչ՝ հոգեբանական ինքնակղզիացումը ցաւ կը պատճառէ» Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին  հինգշաբթի, 5 հոկտեմբեր, 2017-ին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացին  արտասանած քարոզին կեդրոնական նիւթը։ 

Մեկնաբանելով օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումները՝  քաղուած Նէեմեայի գիրքէն,  ուր կը խօսուի Աստուծոյ ժողովուրդին աքսորի  եւ Նէեմեայի մտահոգութիւններուն մասին  Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց,  որ իւրաքանչիւր անձ պէտք է վերագտնէ իր յատուկ արմատները, որոնք ուժ կը ներշնչեն ակնարկելով Նէեմիային դժուարութիւններուն, որ կը պատրաստուէր ժողովուրդը Երուսաղեմ վերադարձնել ու պարտաւորուած էր բազմաթիւ մարդիկ համոզել  վերադառնալու  իրենց  յատուկ արմատներուն, որոնք  երկար ժամանակէ  ետք արդեն տկարացած  են բայց տակաւին չէին կորսուած։  

Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ,  որ այդ արմատները վերագտնելու  ուղեւորութեան մէջ չեն պակսիր դիմադրութիւնները , աքսորական կեանք  նախընտրողներու դիմադրութիւնները, աւեցնելով որ  Ֆիզիքական աքսորէ զատ կան նաեւ  հոգեբանական աքսոր,  ինչպէս հասարակութենէն, ընկերութենէն  ինքնակղցիաումը,  այսինքն  անոնք,  որոնք կը նախընտրեն արմատէ զուրկ ժողովուրդ դառնալ,  ապա հրաւիրեց  մտածելու այս ինքնակղզիացումի հոգեբանական հիւանդութեան վրայ, որ շատ ցաւ կը պատճառէ եւ մեզ  ժողովուրդի մը պատկանելիութենէն կը զրկէ։

«Այր մարդ  կամ կին, որ իրենց յատուկ արմատները կը գտնեն,  որոնք հաւատարիմ են իրենց պատկանելիութեան , երջանիկ այր մարդ ու կին են – ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը  աւելցնելով թէ  «այս ուրախութիւնը՝ իրենց ուժականութիւնն է» ապա քարոզը աւարտեց յորդորելով, որ իւրաքանչիւր հաւատացեալ հայցէ Աստուծմէ շնորհքը ՝վերագտնելու  իրեն իւրայատուկ արմատները։








All the contents on this site are copyrighted ©.