2017-10-05 10:07:00

Քաթալոնիա քանի մը օրուան ընթացքին պիտի յայտարարէ իր անկախութիւնը Սպանիայէն։


Քաթալոնիան քանի մը օրուան ընթացքին պիտի յայտարարէ իր անկախութիւնը Սպանիայէն: Այս մասին «Պի.Պի.Սի.»¬ին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Քաթալոնիոյ ղեկավար Քարլես Փուչտեմոն:

Ըստ անոր, կառավարութիւնը «պիտի գործէ այս շաբթուան վերջը կամ յաջորդ շաբթուան սկիզբը»:

Այն հարցումին, թէ ղեկավարը ի՛նչ պիտի ընէ, եթէ Սպանիոյ կառավարութիւնը միջամտէ, Փուչտեմոն պատասխանած է, թէ ատիկա «պիտի ըլլայ սխալ մը, որ պիտի փոխէ ամէն ինչ»: Ան նաեւ ըսած է, որ այժմ Մատրիտ եւ Քաթալոնիոյ կառավարութիւնը չեն հաղորդակցիր:

Քաթալոնիոյ խորհրդարանը երէկ իր նիստին ընթացքին որոշած է, որ 9 հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Քաթալոնիոյ խորհրդարանի նիստը, որուն ընթացքին կրնայ սկսիլ անկախութեան հռչակման հոլովոյթը:

Ըստ սպանական «էլմուտօ» կայքի տեղեկութեան, «Միասին «Այո»¬ի օգտին» խմբակցութեան ղեկավար Լուիս Քորոմինաս յայտնած է, թէ խորհրդարանը պիտի քննարկէ  հետեւանքները հանրաքուէին, որ տեղի ունեցաւ 1 հոկտեմբերին: Խորհրդարանին մէջ խօսք պիտի արտասանէ Ժեներալիթեթի (կառավարութեան) ղեկավար Քարլես Փուչտեմոն: Քորոմինաս չէ բացատրած, թէ կառավարութեան նիստին պիտի ներկայացուի՞ արդեօք Քաթալոնիոյ անկախութեան հռչակագիրը, սակայն ըսած է, որ նիստին նպատակը «հանրաքուէի մասին օրէնքի կիրարկումն է», որ խորհրդարանը ընդունած է 7 սեպտեմբերին:

Այս փաստաթուղթին գործողութիւնը աւելի ուշ կասեցուցած է Սպանիոյ Սահմանադրական դատարանը:

Միւս կողմէ, Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Եուրքի Քաթայնէ Սթրազպուրկի մէջ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած է, որ Եւրոպական յանձնաժողովը չի քննարկեր Քաթալոնիոյ հետ կապուած իրավիճակի կարգաւորման հարցին մէջ միջնորդի դեր կատարելու կարելիութեան հարցը:

Ան նոյն ատեն յատուկ կերպով ընդգծած է` Եւրոպական յանձնաժողովը յոյս ունի, որ «կողմերը պիտի կարենան լուծել յառաջացած խնդիրները»:

«Երեքշաբթի մենք քննարկած ենք միայն այն, ինչ որ տեղի ունեցած է Քաթալոնիոյ մէջ, հաւաքած ենք անհրաժեշտ տեղեկութիւն: Սակայն քանի որ յանձնաժողովը չի մասնակցիր այդ իրավիճակի կարգաւորման, մենք չենք քննարկած, թէ ի՛նչ կարելի է ընել կամ ի՛նչ պէտք է ընէ յանձնաժողովը: Յոյս ունինք, որ կողմերուն ներկայացուցիչները նստին բանակցութիւններու սեղանի շուրջ, քննարկեն իրավիճակն ու գտնեն անհրաժեշտ որոշում», ըսած է Քաթայնէ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթ յայտնեց, որ իր երկիրը ցաւ կը զգայ կիրակի օր Քաթալոնիոյ մարզի իշխանութիւններուն անկախութեան հանրաքուէ կազմակերպել արգիլելու սպանական ապահովական ուժերու փորձի ընթացքին մեծաթիւ վիրաւորներու արձանագրուելուն համար:

Նոուըրթ ըսաւ. «Տակաւին կը շարունակենք ըսել, թէ բոլոր կողմերը կը քաջալերենք իրենց քաղաքական տարակարծութիւնները լուծելու առանց բռնարարքներու եւ սպանական օրէնքին համահունչ կերպով»:








All the contents on this site are copyrighted ©.