2017-10-05 10:12:00

Հոկտեմբեր 5-ը ուսուցիչի համաշխարհային օրն է


Հոկտեմբեր 5-ին աշխարհի աւելի քան 100 երկիրներու մէջ կը նշեն Ուսուցիչի օրը, որ հիմնուած է 1994 թուականին:

Սա բոլոր ուսուցիչներու, մանկավարժներու, կրթութեան ոլորտի աշխատակիցներու մասնագիտական տօնն է, օր, երբ կը նշուի ուսուցիչի դերը որակեալ կրթութեան գործընթացին մէջ, գնահատելով հասարակութեան զարգացման գործին մէջ անոր անգնահատելի ներդրումը:

Տօնի հիմնադրման պատմական նախադրեալ դարձած է 1966 թուականի Հոկտեմբեր 5-ին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ուսուցիչներու կարգավիճակի մասին Յատուկ միջկառավարական համաժողովը, որու արդիւնքով ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի եւ Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան ներկայացուցիչները «Ուսուցիչներու կարգավիճակին վերաբերող երաշխաւորագիրներ» փաստաթուղթը ստորագրած են:








All the contents on this site are copyrighted ©.