2017-10-04 11:56:00

Ֆրանչիսկոս Պապ յայտարարեց Եպիսկոպսական սիւնհոդոսի նախապատրաստական ժողովի գումարումը՝ 19-24 մարտ 2018-ին։


(Ռատիօ Վատիկան)  Չորեքշաբթի, 4 հոկտեմբեր 2017-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ողջունելէ ետք հրապարակը գտնուող իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր  ուխտաւորները, կատարեց հետեւեալ  յայտարարութիւնը.

«Կը փափաքիմ յայտնել, թէ 19-էն 24 մարտ 2018-ին,  եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի քարտուղարութիւնը գումարած է նախապատրաստական ժողով մը որուն հրաւիրուած են աշխարհի զանազան վայրերէն երիտասարդներ. ըլլան կաթողիկէ երիտասարդներ, ըլլան տարբեր քրիստոնէական դաւանանքի կամ այլ կրօններու պատկան երիտասարդներ ինչպէս նաեւ ոչ հաւատացեալներ։     

Սոյն ձեռնարկը ներառուած է, 2018-ին հոկտեմբեր ամսոյն  եպիսկոպոսներու ընդհանուր սիւնհոդոսի  նախապատրաստական  ուղեւորութեան ծիրէն ներս,  որուն նիւթն է երիտասարդները, հաւատքը եւ կոչումի զատորոշումը ։ Այս ուղեւորութեամբ,  եկեղեցին կը ցանկայ  ականջալուր ըլլալ անսալու  երիտասարդներու ձայնին, անոնց զգայնութեան, անոնց հաւատքին, ինչպէս նաեւ կասկածներուն եւ քննադատութիւններուն։ Ասոր համար, մարտ ամսուայ ընթացքին կայանալիք ժողովի եզրակացութիւնները պիտի փոխանցուին սիւնհոդասական հայրերուն»  

Նշենք թէ աւելի ուշ՝ եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի քարտուղարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը,  որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնելով Սրբազան Քահանայապետին նշեց, թէ նախապատրաստական Ժողովը կազմակերպուած է եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի քարտուղարութեան կողմէ,  համագործակցութեամբ  աշխարհականներու, ընտանիքի եւ կեանքի Վատիկանեան  ժողովին։

Նախապատրաստական ժողովին հրաւիրուած են եպիսկոպսաց համահաւաք դասերու, արեւելեան եկեղեցիներու  ներկայացուցիչներ,  կրօնաւորներ,  քահանայութեան պատրաստուող անձեր, եկեղեցական շարժումներ  ու ընկերակցութիւններ, այլ եկեղեցիներու եւ կրօններու ընկերակցութիւններ, մշակութային , դպրոցական- համալսարանական, մարզական  աշխարհէն ներկայացուցիչներ։ 

Ժողովը աւելիով պիտի հարստացնէ «խորհրդակցական» նախապատրաստական փուլը որ սկիզբ առած էր սիւնհոդոսի նախապատրաստական  փաստաթուղթի հրապարակումով որուն կցուած էր հարցարան մը, ինչպէս նաեւ կայքէջի մը բացումով ուր տեղադրուած է երիտասարդներուն  հայող այլ հարցարան մը հուսկ անցեալ սեպտեմբերին  կազմակերպուած երիտասարդներու միջազգային ուսումնաժողով։

 Նախապատրաստական ժողովի թուականի որոշումը դիտմամբ առնուած է, որպէսզի  ժողովականներուն թոյլ տրուի իրենց  մասնակցութիւնը բերելու, Սուրբ Պետրոսի Հրապարակին վրայ,  -  Ֆրանչիսկոս Պապի նախագահելիք Ծաղկազարդարի Սուրբ Պատարագի արարողութեան, 2018 տարուան երիտասարդութեան համաշխարհային 23-րդ օրուան առիթով , որ ունի որպէս նիւթ «Մի վախնար, Մարիամ, որովհետեւ Տիրոջ առջեւ շնորհք գտար» (Ղուկ 1, 30)   

Ժողովէն բխած արդիւնքներն ու փաստաթուղթերը պիտի փոխանցուին սիւնհոդասական հայրերուն,  նպաստելու համար  սիւնհոդասական հայրերու խոկումներուն եւ  անոնց քննարկելիք  հարցերուն  խորացումին,  նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։   








All the contents on this site are copyrighted ©.